Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

«Հայաստան Կը Գտնուի Բացառիկ Կացութեան Մէջ» Հարցազրոյցը Ծանօթ Գրող, Հրապարակախօս Յակոբ Պալեանի Հետ (լուսանկարներ, տեսերիզ)

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 27 –

Զրուցեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

Այսօր ««Զարթօնք» հայրենիքի մէջ» խորագրի հերթական հարցազրոյցը ծանօթ գրող, հրապարակախօս Յակոբ Պալեանի հետ է։ Պարոն Պալեանի հետ զրուցած ենք զանազան թեմաներու՝ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, մշակութային ու լեզուական մտածողութեան սխալներու, անհիմն կարծրատիպերու եւ անոնցմէ դուրս գալու ելքերու մասին։ Կը ներկայացնենք Յակոբ Պալեանի հետ հարցազրոյցի առաջին մասը, որ հիմնականօրէն Հայաստանի վիճակին մասին է։ Յաջորդ մասով կը ներկայացնենք Պալեանի կարծիքը Սփիւռքի ներկայ վիճակին ու հայրենիք-Սփիւռք կապերուն մասին։

Պարոն Պալեան, շնորհակալ եմ հարցազրոյցի հրաւէրը չմերժելնուդ համար։  Ի հարկէ, ձեզի հետ հետաքրքրական զրոյց ունենալու համար շատ թեմաներ կան, բայց այսօր կ’ուզեմ, որ խօսինք Հայաստանի ներկայ վիճակին, ներքաղաքական իրավիճակին, առկայ խնդիրներուն եւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին, ըստ ձեզի, տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն դրական ու բացասական կողմերուն մասին։

– Ես շատ չեմ սիրեր, որ Սփիւռքէն եկած մարդիկ Հայաստանի մասին տիրական կարծիքներ կը յայտնեն, որովհետեւ դուրսի ոսպնեակով կարելի չէ Հայաստանի կացութիւնը ըմբռնել։ Հայաստանը կը գտնուի բացառիկ կացութեան մէջ։ Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք կային սովորութիւններ ու բարքեր, որոնք նոր իրականութեան հետ բախում ունին, իսկ 30 տարին, որ անցաւ, եղաւ խարխափումի շրջան։ Ամէն մարդ կարծեց, թէ ինքը ունի կախարդական լուծում մը, որ ինքը մարգարէ է ու ինքն է միակ լուծումը։ Միակ բանը, որ կարելի է ընել Սփիւռքի հետ,–  ինչը, ցաւօք, չեղաւ,– այն է, որ հարցերը ընթանային խորհրդակցական բնոյթով, բանիմաց մարդիկ կանչուէին քննարկումի։ Դժբախտաբար չեղաւ: Ես յոյս ունիմ, որ ապագային կ’ըլլայ։ Կ’ուզեմ խօսիլ գրականութեան մասին։ Հայաստանի մէջ գրականութիւնը մշակոյթի կարեւոր երես է։ Խորհրդային շրջանի եւ այսօրուան միջեւ գրական տեսիլքի ըմբռնումի տարբերութիւն կայ։ Այս ուղղութեամբ իսկական ներքին երկխօսութիւն տեղի չունեցաւ։ Հայաստանի մէջ կանգ առաւ գրական քննադատութիւնը։ Այստեղ գրական քննադատութիւն չկայ։ Գիրքը կը տպեն, կու տան թերթի աշխատակիցին, կ’ըսեն՝ բան մը գրէ՛։ Սա գրական քննադատութիւն չէ, գրախօսութիւն է։ Առանց գրական քննադատութեան գրականութիւնը միջազգային շուկայ չի գար։ Սա շատ կարեւոր է։ Նախ դուն պէտք է  ներքին զտումի ենթարկուիս, յետոյ միջազգային հրապարակ գաս, որմէ ետք պէտք է կարողանաս ծախել գործդ։ Միւս հարցը, որ կը վերաբերի Հայաստանի ու Սփիւռքի ըմբռնումի տարբերութիւններուն, այն է, որ տպաւորութիւն մը կայ, թէ Սփիւռքէն բոլոր եկողները մեծահարուստներ են։ Այդպէս չէ։ Համեստ ուսուցիչներ կան, պզտիկ թոշակառուներ կան, բոլորը միլիոնատէրեր չեն։ Այս մտայնութեան դէմ ալ պայքար չեղաւ։ Հայաստանի հեղինակութեան համար պէտք է նաեւ լեզուին ուշադրութիւն դարձնել։ Ներեցէ՛ք, բայց ռուսախառն լեզուն պէտք է դուրս հանուի։ Արեւելահայերէնը գեղեցիկ լեզու է, սահուն լեզու է։ Իսկ հիմա, դժբախտաբար, աւելի խելացի երեւնալու համար անդադար օտար բառեր կ’օգտագործուին ու ոչ միայն ռուսական, հիմա արդէն ամերիկեան։ Յառաջադէմ կը համարուին։ Ես այս մասին գիրք ալ գրած եմ։ Պէտք է բառերու ցանկ կազմել ու բաժնել իշխանութեան աշխատակիցներէն մինչեւ ուսուցիչներուն եւ լրագրողներուն, որպէսզի այս բոլոր բառերը չգործածուին։ Մենք բոլոր բառերուն հայերէն համարժէքները ունինք, բժշկական բառերն ալ ունինք, դատարանի իրաւական բոլոր բառերն ալ ունինք։ Սա շատ կարեւոր խնդիր է։ Լեզուական, մշակութային հպարտութիւնը պէտք է վերականգնել։ Ինչ կը վերաբերի քաղաքական հարցերուն, այստեղ ըմբռնումի հարց կայ։ Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութիւններ կան։ Սփիւռքի մարդիկ, մեր երեք կուսակցութիւնները, միութիւնները անկարելի պայմաններու մէջ ժողովուրդ պահած են։ Հայաստանը որեւէ բան չի կորսնցներ այս մարդոց հետ խորհրդակցելով։ Իրենք կը կարծեն, թէ մէկ այցելութեամբ Սփիւռքը կրնան հասկնալ, Սփիւռքը ղեկավարել։ Սա Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակ եղաւ, նոր չէ։ Չեմ յիշեր՝ նախագա՞հ էր դեռ, թէ՞ ոչ, բայց հիւրանոցին մէջ ըսաւ, որ տեսէ՛ք, մենք վաղը Սփիւռքի մէջ կը նշանակենք մեր մարդիկը եւ անոնց միջոցով կը կառավարենք Սփիւռքը։ Սա պատմական ահաւոր սխալ էր քաղաքական առումով։ Հիմա եթէ այդպէս չեն ըսեր, ապա գոնէ կը մտածեն։ Այնպէս որ ամօթ չէ, որ անձ մը դուրս ուղարկելէ առաջ անոր հետ ճեպազրոյց ընեն, թէ ո՛ւր կ’երթայ, ինչո՛ւ կ’երթայ, ի՛նչ լեզու պէտք է գործածես, որո՛ւն հետ պէտք է հանդիպիս։

– Պարո՛ն Պալեան, եթէ աւելի շատ խօսինք Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին մասին, ինչպէ՞ս կը բնութագրէք զայն։

– Այս իրավիճակը բնորոշ է բոլոր նոր ստեղծուող պետութիւններուն։ Այս փուլերէն պէտք է անցնինք, բայց որքան արագ ու իմաստուն ձեւով անցնինք, այնքան օգտակար կ’ըլլայ։ Հրաշք պէտք չէ պատահէր, որովհետեւ քաղաքական անձնակազմ ստեղծելու հարց կար, տնտեսութիւն ստեղծելու հարց կար։ Իմ համոզմամբ՝ հակառակ այն բարի կամեցողութեան, որ հիմա կը ցուցադրուի, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարի կ’երթայ, դեռ պէտք է շարունակուի, սա ամբողջ մշակոյթ մըն է։ Դիրք չշահագործելը մշակոյթ է, իշխանութիւնը չանձնականացնելը մշակոյթ է։ Ես, երբ Շուէտ գացած էի, տեսայ, որ վարչապետը հեծանիւով կ’երթայ աշխատանքի։ Մենք, եթէ հասնինք անոր, այդ ժամանակ իսկական յեղափոխութիւն կ’ըլլայ, ոչ թէ գեղեցիկ մեքենաներով երթալ, անպայման ուշադրութիւն գրաւել, թիկնապահներով պտտիլ եւ այլն։ Աշխարհի ամենապաշտպանուած մարդոցմէ մէկը Լիբանանի վարչապետն էր՝ Ռաֆիք Հարիրին։ Երբ մարդիկ իրենց մտքին դրած էին մաքրել զինք, ամբողջ փողոցը օդ հանեցին։ Այդ բոլոր աւելորդ ու ցուցադրական ձեւերէն պէտք է հրաժարիլ ու շեշտը դնել խորքին վրայ, իմաստութեան վրայ։

 

–  30 տարուան ընթացքին ունեցած ենք երեք նախագահ, երեքի պաշտօնանկութիւնն ալ կը յիշենք, թէ ինչպէ՛ս եղած է – բացասական։ Ըստ ձեզի՝ ինչո՞ւ։  Չէ՞ք կարծեր, որ ինչ-որ տեղ բան մը սխալ է։ Ինչո՞ւ ղեկավարները չեն սիրուիր ժողովուրդին կողմէ։

-Ես յաճախ կ’ըսեմ, որ մեծ յոյսերը մեծ յուսախաբութիւն կը պատճառեն։ Երբ նախագահ կու գայ, նոր դէմք է, կը խանդավառուինք, մանաւանդ նախագահին շուրջ գտնուողները, եւ անոր ետեւէն կու գայ յուսախաբութիւնը։ Նախագահն ալ, եթէ իր գործը լաւ ընէ, առանց յետին հաշիւի ընէ ու մանաւանդ չմտածէ յաջորդ ընտրութեան  մասին, այդ ժամանակ կացութիւնը կը բարելաւուի։ Բայց եթէ միտքը դնէ, որ «5 տարի եղայ նախագահ, 5 տարի ալ կ’ըլլամ, բարեկամներս ալ պէտք է ըլլան», այդ ժամանակ դժուարութիւններ կը ստեղծուին։ Եւ յետոյ մի՛ մոռնաք, որ երկիրը աղքատութեան մէջ էր, երկրաշարժ տեղի ունեցած էր: Իրենք կը կարծէին, թէ նախագահը, որ պիտի գայ, հրաշք պէտք է գործէ։ Հրաշք չկայ քաղաքականութեան մէջ։ Երկիրը կ’ապրի իր կարելիութիւններով։ Այդ կարելիութիւնները պէտք է ճիշդ կարողանան բաշխել ու չշահագործել։ Նոյնիսկ Ֆրանսայի մէջ այսօր այս խնդիրը կայ։ Երբ որ պարզ բանուորուհին ամսական 1000 եուրոյէն նուազ կը ստանայ, իսկ նախարարը՝ 7 հազար եուրօ, անպայման ժխտական զգացում պիտի յառաջանայ, նախանձի ու անհանդուրժողականութեան զգացում։ Անոր համար թէ՛ ղեկավարը, թէ՛ ժողովուրդը այս ուղղութեամբ պէտք է իրենք զիրենք կարողանան դաստիարակել։ Ես մամուլի մարդ եղած եմ ու կը կարծեմ, որ նման հարցերու մէջ մամուլը իր դերը չի կատարեր։ Փոխանակ ժամերով քաղաքական հարցերու մասին խօսելու՝ պէտք է խօսի պարզ հարցերու մասին, ժողովուրդի յոյսերուն, իրականանալի ու անիրականանալի հարցերու մասին։ Այս ձեւով միայն գործը յառաջ կ’երթայ։ Ժողովուրդը պէտք է հասկնայ, որ այս երկրին մէջ հարստութիւններ կան, որոնք պէտք եղած ձեւով չեն օգտագործուիր, որովհետեւ իւրացումներ եղած են։ Եթէ այդ իւրացումներուն դէմ դնեն, աւելի արդիւնաւէտ կառավարեն, օր մը կը հասնինք պիւտճէի նուազ բաց ըլլալուն։ Գիտէ՛ք, որ աշխարհի մեծ ղեկավարները եղած են իմաստունները:

– Եթէ կախարդական փայտիկ ունենայիք, ի՞նչ կը փոխէիք։

– Կախարդական փայտիկին չեմ հաւատար։ Կարելի է ժողովուրդին հետ խօսիլ, որ քիչ մը մեր մշակոյթին վերադառնան, կարդան։ Ես վիրաւորուած եմ, որ երկրին մէջ լուրջ հրատարակութիւններ կան, որոնք կը տպուին 500 օրինակով: Գաղտնի պահուելու համա՞ր են անոնք։ Եթէ միայն գրադարաններուն բաժնեն, կը սպառի այդ գիրքը։ Եթէ ժողովուրդը պէտք չէ կարդայ, որո՞ւն համար է ատիկա։ Ժողովուրդի հոգին պէտք է նաեւ ազնուանայ։ Ամէն բան սրճարան չէ, նարկիլէ չէ, գեղեցիկ մեքենան չէ, գիրքերն են մեր հարստութիւնը։ Մեր նախարարներն ալ պէտք է կարդան այս գիրքերը, խօսելէ առաջ պէտք է մաքրեն իրենց լեզուն։ Լեզուն նկարագիր է, լեզուով ժողովուրդը կ’ազնուանայ։ Բարի կամեցողութիւնը պէտք չէ բացակայի բոլոր ժամանակներուն։ Ես կրնամ քննադատել նախարարը, վարչապետը, նախագահը, բայց ես իրենց թշնամին չեմ։ Իմ միտքէս չ’անցնիր Կամչատկայի կառավարիչը քննադատել: Ո՞վ է ան: Ո՛չ անունը գիտեմ, ո՛չ հետը գործ ունիմ։ Կը քննադատեմ այն անձը, որուն ծանօթ եմ: Քննադատութիւնը չարութիւն չէ, գործակցութեան հրաւէր է։ Այս մշակոյթն է, որ պէտք է ստեղծուի։

-Շնորհակալ եմ հետաքրքրական զրոյցին համար։

Ծանօթ՝ Յակոբ Պալեանի հետ հարցազրոյցի տեսանիւթը կրնաք դիտել այստեղի յղումով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին