Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Իրպիլի Մէջ Օծուած է Հայ Առաքելական Նորակառոյց Եկեղեցին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ապրիլ 6-ին Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Իրպիլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ առաքելական նորակառոյց Նաւակատիք եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը, որուն ընթացքին եկեղեցին անուանակոչուեցաւ Սուրբ Խաչ։ Եկեղեցւոյ կառուցման համար հողայատկացումը եւ ֆինանսաւորումը իրականացուած էր ինքնավարութեան նախկին նախագահ Մասուտ Պարզանիի (Masoud Barzani) կառավարութեան կողմէն։ Այս մասին` ըստ “Երկիր”-ի՝ կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Օծման արարողութիւնը կատարեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Իրաքի Թեմի առաջնորդ Տէր Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան։ Արարողութեան ներկայ էին Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հրաչեայ Փոլատեանը Եգիպտոսի, Ռումանիոյ, Փարիզի, Դամասկոսի թեմերուն առաջնորդները, Կիպրոսի թեմի նախկին առաջնորդը եւ Էջմիածտնի Գէորգեան ճեմարանի տեսուչը։ Արարողութեան կը մասնակցէին նաեւ Իրաքի տարբեր կրօնական համայնքներու առաջնորդներ, պետական բարձրաստիճան այրեր, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին