«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փարիզի մէջ տեղի կ’ունենան «դեղին բաճկոնաւորներու» բողոքի հերթական ցոյցերը, որոնք թիւով 21-րդն են: Մասնակիցները պիտի անցնին մայրաքաղաքի մի քանի թաղամասերէն, վերջնական կէտը պիտի ըլլայ «Տեֆանս» գործարարական թաղամասը: «Արմէնփրես»–ի հաղորդմամբ՝ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն կը տեղեկացնէ, որ անոնք կը շարունակեն պահանջել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հրաժարականը:
Ինչպէս նախորդ շաբաթներուն, ոստիկանութիւնը արգիլած է բողոքի ցոյցերը Ելիսէեան պալատի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի յարակից հատուածին մէջ:
«Դեղին բաճկոնաւորներու» ցոյցը նախատեսուած է նաեւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու, մասնաւորապէս Ռուանի մէջ, թէպէտ տեղի ոստիկանութիւնը թոյլ չէ տուած: Ցոյցերը նախատեսուած են նաեւ Քանի մէջ:
Ֆրանսայի մէջ «դեղին բաճկոնաւորներու» խոշոր ցոյցը սկսած է 2018 թուականի Նոյեմբեր 17-ին՝ վառելիքի եւ պենզինի գիները չբարձրացնելու պահանջով: Ֆրանսայի իշխանութեան վարած հասարակական քաղաքականութենէն դժգոհ քաղաքացիները կը շարունակեն իրենց ցոյցերը, չնայած ղեկավարութիւնը տեղեկացուցած է, որ քայլերու կը ձեռնարկէ՝ իրավիճակը մեղմելու համար:






