Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Փարիզի Մէջ Տեղի Կ’ունենայ «Դեղին Բաճկոնաւորներու» Բողոքի Հերթական Ցոյցը, Որուն Միացած Են Նաեւ Ֆրանսական Միւս Քաղաքները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փարիզի մէջ տեղի կ’ունենան «դեղին բաճկոնաւորներու» բողոքի հերթական ցոյցերը, որոնք թիւով 21-րդն են: Մասնակիցները պիտի անցնին մայրաքաղաքի մի քանի թաղամասերէն, վերջնական կէտը պիտի ըլլայ «Տեֆանս» գործարարական թաղամասը: «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն կը տեղեկացնէ, որ անոնք կը շարունակեն պահանջել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հրաժարականը:

Ինչպէս նախորդ շաբաթներուն, ոստիկանութիւնը արգիլած է բողոքի ցոյցերը Ելիսէեան պալատի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի յարակից հատուածին մէջ:

«Դեղին բաճկոնաւորներու» ցոյցը նախատեսուած է նաեւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու, մասնաւորապէս Ռուանի մէջ, թէպէտ տեղի ոստիկանութիւնը թոյլ չէ տուած: Ցոյցերը նախատեսուած են նաեւ Քանի մէջ:

Ֆրանսայի մէջ «դեղին բաճկոնաւորներու» խոշոր ցոյցը սկսած է 2018 թուականի Նոյեմբեր 17-ին՝ վառելիքի եւ պենզինի գիները չբարձրացնելու պահանջով: Ֆրանսայի իշխանութեան վարած հասարակական քաղաքականութենէն դժգոհ քաղաքացիները կը շարունակեն իրենց ցոյցերը, չնայած ղեկավարութիւնը տեղեկացուցած է, որ քայլերու կը ձեռնարկէ՝ իրավիճակը մեղմելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին