«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն հետ պէտք չէ խօսիլ պատերազմի սպառնալիքով: Պատերազմի սպառնալիքին Հայաստանը պիտի պատասխանէ խաղաղութեան օրակարգով, անհրաժեշտութեան պարագային` խաղաղութիւն պարտադրելու օրակարգով։ «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Ապրիլ 7-ին «Երկրապահ կամաւորականներու միութիւն» ՀԿ 12-րդ արտահերթ համագումարին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Չի կարելի սպառնալ դիմացի ժողովրդին: Սպառնալիքով ժողովուրդների հետ չեն խօսում: Եւ, ընդհանրապէս, մեզ հետ պէտք չէ խօսել սպառնալիքի լեզուով: Մեզ ընդհանրապէս պէտք չէ սպառնալ պատերազմով: Պատերազմի սպառնալիքին մենք պատասխանելու ենք խաղաղութեան օրակարգով, անհրաժեշտութեան դէպքում` խաղաղութեան պարտադրման օրակարգով: Խաղաղութեան կոչին արձագանգելու ենք խաղաղութեան պատրաստակամութեան օրակարգով»,– նշեց վարչապետը:
ՀՀ վարչապետը նշեց, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելը այսօր հայկական կողմի կարեւորագոյն խնդիրն է, եւ անխոնջ պիտի աշխատին այս խնդիրը լուծելու ուղղութեամբ:






