«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի լաւատեսութիւն յայտնեց, որ երկիրը պիտի յաջողի յառնել իր տնտեսական բարդ իրավիճակէն եւ այնուհետեւ պիտի բարգաւաճի, հաւաստիացնելով, որ Լիբանանի թեւակոխելիք յաջորդ փուլը պիտի յատկանշուի արդիւնաւէտութեամբ ու յառաջդիմութեամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք վարչապետի տեղեկատուական գրասենեակի՝ Շաբաթ երեկոյեան հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Իսլամական գերագոյն խորհուրդի պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումին Հարիրի յայտնեց, որ ինք զգալի աճ կ’ակնկալէ մասնաւորաբար զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ:
Բացի այդ՝ վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ 2019 թուականի պետական պիւտճէն պարտի խթանիչ միջոցներու ձեռնարկել տնտեսութեան յառաջընթացին համար, ընդգծելով շարք մը ոլորտներու մէջ խոստացուած բարեփոխումները ի կատար ածելու եւ պետական դրամամիջոցներու մսխումին վերջ դնելու հրամայականը: