«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վրաստանը պէտք է օգտուի Մեծն Բրիտանիոյ՝ Եւրամիութենէն դուրս գալէն, որպէսզի յառաջ շարժի իր համարկումի հարցին մէջ, որ կը տանի Եւրամիութեան անդամակցութեան: Այս կարծիքը, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է երկրի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, որուն խօսքը մէջբերած է «Bloomberg» գործակալութիւնը:
«Մենք ստեղծուած իրադրութեան կը նայինք անկէ առաւելագոյն օգուտը քաղելու մտադրութեամբ»,– ըսած է պետութեան ղեկավարը: Զուրապիշվիլիի կարծիքով՝ տրամաբանութիւնը այն է, որ հետեւողականօրէն Եւրոպայի ուղղութեամբ շարժող երկրին կարելի չէ վերաբերիլ աւելի վատ, քան այն երկրին, որ աստիճանաբար կը հեռանայ անորմէ:
Նախագահը կը կարծէ՝ Վրաստանը պէտք է օգտուի այն պահէն, որ վրայ կը հասնի Brexit-ի պարագային՝ Եւրամիութեան «դուռը հրելու» համար, հաղորդած է «Կրուզիա Online»-ը:






