«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան ուժաբանութեան նախարար Նատա Պուսթանիի՝ ելեկտրականութեան ոլորտի բարեկարգումի նպատակով յառաջադրած ծրագիրի ուսումնասիրութեամբ զբաղող նախարարական յանձնաժողովը փոփոխութիւններ ներմուծեց պետական պիւտճէի պակասորդը նուազեցնելու, արտադրութեան մակարդակը խթանելու եւ ծրագիրի կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ փուլերու դրոյթներուն մէջ: Այս մասին տեղեկացուց փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի:
«Լիբանանի ձայնը» (93,3 ռատիօալիք) ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ Հասպանի մասնաւորաբար նշեց, որ ծրագիրը պէտք է առաջնահերթ համարէ տուեալ ոլորտի դրամամիջոցներու մսխումի խնդրի արմատական լուծումը՝ կանխելու պետական պակասորդի յաւելեալ աճը:






