Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Վրաստանը Պէտք Է Զբաղեցնէ Բրիտանիոյ Տեղը ԵՄ-ի Մէջ. Սալոմէ Զուրապիշվիլի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վրաստանը պէտք է օգտուի Մեծն Բրիտանիոյ՝ Եւրամիութենէն դուրս գալէն, որպէսզի յառաջ շարժի իր համարկումի հարցին մէջ, որ կը տանի Եւրամիութեան անդամակցութեան: Այս կարծիքը, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է երկրի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, որուն խօսքը մէջբերած է «Bloomberg» գործակալութիւնը: 
«Մենք ստեղծուած իրադրութեան կը նայինք անկէ առաւելագոյն օգուտը քաղելու մտադրութեամբ»,– ըսած է պետութեան ղեկավարը: Զուրապիշվիլիի կարծիքով՝ տրամաբանութիւնը այն է, որ հետեւողականօրէն Եւրոպայի ուղղութեամբ շարժող երկրին կարելի չէ վերաբերիլ աւելի վատ, քան այն երկրին, որ աստիճանաբար կը հեռանայ անորմէ: 
Նախագահը կը կարծէ՝ Վրաստանը պէտք է օգտուի այն պահէն, որ վրայ կը հասնի Brexit-ի պարագային՝ Եւրամիութեան «դուռը հրելու» համար, հաղորդած է «Կրուզիա Online»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին