ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դառնանուշ մտորումներով կը դիմաւորենք Ապրիլը։ Ամիս՝ որ Ցեղասպանութեան հետ անքակտելիօրէն կապուած է, ամիս՝ որ ընդհանրապէս կը սկսէր ապրիլմէկեան կատակներով, երեք տարի առաջ փաստի դիմաց դրաւ մեզ։ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը լայծաւալ յարձակում գործեցին Արցախի հարաւ-արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան ճակատներուն վրայ։ Ապրիլ 2-5 երկարող պատերազմը ծանր հարուած հասցուց մեր ժողովուրդին, սակայն նոյն ատեն, մեր տղաքը հերոսաբար պաշտպանուեցան եւ յարձակումը հակայարձակումով կասեցուցին։ Տուինք մեզի համար ահաւոր մեծ թիւով կորուստ…
Խունկ եւ աղօթք անոնց յիշատակին։
***
Մեր եկեղեցին դարեր շարունակ Ապրիլ 7-ին նշած է Սուրբ Աստուածածինի Աւետման օրը, որ 1995-էն իվեր մուտք գործեց ազգային տօնացոյցէն ներս։ Կանանց միջազգային օրէն՝ Մարտ 8 մինչեւ Ապրիլ 7 կանանց միամսեակ յայտարարուեցաւ անպաշտօն կերպով Հայաստանի մէջ։ Տիկնայք փափկասունք Հայոց աշխարհի՝ Շնորհաւոր ըլլայ ձեր տօնը։
***
Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, այս Կիրակի, երբ Լոս Անճելըսի ՀՀ հիւպատոսութեան 25-ամեակը կը նշենք, ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Հայաստանի վարչապետին ազնուափայլ տիկինը՝ Աննա Յակոբեան։ Անոր ներկայութիւնը բնականաբար դրական լիցք պիտի հաղորդէ լոսանճելըսահայութեան։
***
Ուղիղ տարի մը առաջ էր, Մարտ 31-ին, երբ իր Քայլը կատարեց Նիկոլ Փաշինեանը, որ աւարտեցաւ Թաւշեայ յեղափոխութեամբ։
Մեր պարտքն է կատարելու Մեր քայլը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէ՛տք է կատարէ եւ պիտի՛ կատարէ իր քայլը։ Ա՛յս է օրուան հրամայականը։
Պահե՛նք Հայաստանն ու Արցախը, պահե՛նք Ջաւախքն ու Սփիւռքը։ Եւ որպէս մէկ ամբողջութիւն, անգամ մը ե՛ւս խոստանանք Մայր Արաքսին ու Մասիս սարին, թէ վաղ թէ ուշ պիտի վերադառնա՛նք մեր տունը հայրենի։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ