Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

«ՍԱՐՈՒԽԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ» ԵՐԳԻԾԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ մեծ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած  միջոցառումներու  շրջանակէն ներս, Եգիպտական երգիծանկարի ընկերութեան ու Երգիծանկարի թանգարանի հովանաւորութեամբ, կազմակերպուեցաւ «Սարուխան կը վերադառնայ»  երգիծանկարչական ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Մարտ 26-ին, ալ-Թահրիր Լաունկ Կէօթէ  կեդրոնէն ներս։

   Միջոցառման ներկայ էին Եգիպտոսի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Կարէն Գրիգորեան, Քուպայի դեսպան՝ Թանիա Աճիար Ֆէրնանտէզ, Եգիպտական երգիծանկարի ընկերութեան նախագահ՝ տիար Կոմաա Ֆարահաթ, Երգիծանկարի թանգարանի հիմնադիր տիար Մուհամմէտ Ապլա, Ա. Սարուխանի յարգարժան  ընտանիքը,  միջազգային  ու եգիպտական մամլոյ հեռուստաընկերութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը։ 

   «Սարուխան կը վերադառնայ»  ցուցահանդէսը, նոյնանուն խորագիրը կրող երգիծանկարի մրցոյթին մասնակցած գործերէն կազմուած՝ 60 երգիծանկարի ընտրանի մըն էր։

   Անցած տարուան՝ 2018-ի Դեկտեմբերին յայտարարուած այս մրցոյթին մասնակցեցան 180 երգիծանկարիչներ՝ 45 երկիրներէ, որոնք մրցոյթին ներկայացուցին աւելի քան 250 գործ։

    Ցաւ ի սիրտ, աշխարհի ամենատարբեր երկիրներէն երգիծանկարիչներ ընդգրկած այս մրցոյթին միակ հայ ներկայացուցիչը՝ Գահիրէի Գալուստեան-Նուպարեան ազգային վարժարանի աշակերտուհի՝ տասնհինգամեայ Ռիթա Գէորգեանն էր, որ շատ բարձր գնահատուեցաւ Սարուխանին ընտանիքին կողմէ։ 

   Եգիպտական երգիծական ընկերութեան անդամ՝ տիար Ֆաուզի Մորսիի նախագահած այս մրցոյթին դատական ատեանը կազմուած էր իտալացի, պրազիլցի եւ եգիպտացի  արուեստագէտներէ։

   «Սարուխան կը վերադառնայ» երգիծանկարչական մրցոյթին առաջին մրցանակի դափնեկիր հանդիսացաւ քուպացի՝ Եոմնիս Տէլ Թորոն, որուն կողքին պատուոյ հինգ  մրցանակներ շնորհուեցան եգիպտացի, սպանացի, փորթուկալցի եւ չինացի արուեստագէտներու։

    Մեծ երգիծանկարիչին ընտանիքը, ջերմապէս շնորհաւորելով բոլոր դափնեկիրները, Ա. Սարուխանի գործերէն կազմուած «Ալպոմ» մը նուիրեց անոնց։ 

   Երգիծանկարի թանգարանի հիմնադիր՝ Մ. Ապլան իր սրտի խօսքին մէջ ընդգծեց Ա. Սարուխանի ո՛չ միայն հայ եւ եգիպտացի էութիւնները, այլեւ աշխարհահռչակ ճանաչումը, որուն անվիճելի փաստերն էին մրցոյթին աշխարհի չորս ծագերէն դիմող մասնակիցները… 

   Տիար Ապլան հպարտութեամբ նշեց որ երգիծանկարի արուեստը յստակ երկու շրջան ունի՝ Սարուխանէն առաջ եւ Սարուխանէն ետք… 

   «Սարուխան կը վերադառնայ» ցուցահանդէսին դռները բաց մնացին մինչեւ Ապրիլ 4։ 

* * *

   Սարուխանին տունն էր «Արեւ»- ը. անոր մարդկային եւ հայրենանուէր խոհերուն ու գործերուն հարուստ օրրանը։

   Մենք՝ որպէս «Արեւ»-ի խմբագրութիւն, զարմացած չենք այս մրցոյթին եւ ցուցահանդէսին ունեցած համաշխարհային եւ եգիպտական մեծ արձագանգէն, քանզի մինչեւ  ողնածուծը ազգային մը ըլլալուն զուգահեռ, անմիջական եւ համամարդկային իր հանճարեղ գործերով՝ համաշխարհային անփոխարինելի արժէք մըն է Սարուխան. սերունդէ սերունդ փոխանցուող, մեզի հետ ապրող եւ վերաիմաստաւորուող իրականութիւն մը։

   Այս ուրախ առիթով, կը շնորհաւորենք ՄԵԾ երգիծանկարիչին յարգարժան ընտանիքը, նորանոր յաջողութիւններու եւ աւելի ու աւելի լայնածիր հորիզոն-ներ նուաճելու լաւագոյն մաղթանքներով:

«Արեւ», Գահիրէ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին