Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՐՔ-ԻՐԱՆԵԱՆ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

ՄԵՀՄԷՏ ՉԵԹԻՆԿԻՒԼԷՔ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջին ինը տարիներուն, թուրք-իրանեան փոխադարձ առեւտուրը իջաւ իր ամէնէն ցած մակարդարկին, հակառակ քաղաքական մօտեցումին, մենաշնորհեալ փոխանակութեանց, ինչպէս նաեւ՝ տեղական դրամանիշի օգտագործման՝ գործառնութեանց ընթացքին։

Վերջին տարիներուն, Իրան ու Թուրքիա գործակցութիւն պահած են շրջանային հարցերու նկատմամբ, միացեալ ճիգերով կարգադրութեան մը յանգելու համար յատկապէս Սուրիոյ՛ մէջ։ Միաժամանակ, միասնականութիւն ցուցաբերած են Ամերիկայի եւ Իսրայէլի Միջին Արեւելեան քաղաքականութեան դէմ։ Մարտի սկիզբը, Թուրքիոյ՛Ներքին Գործոց Նախարարը նոյնիսկ արծարծեց զինուորական միացեալ գործողութիւն մը քիւրտ զինեալներու դէմ։

Քաղաքական փոխադարձ զօրակցութիւնը կ՚ենթադրուի, որ պիտի խթանէ առեւտուրը երկու երկիրներու միջեւ, քանի մը լրացուցիչ նախաձեռնութիւններով։ 2015-ին մենաշնորհեալ առեւտրական համաձայնագրի մը կնքումը, երկու դրացիներու միջեւ, սակագիները իջեցուց 125 ճարտարարուեստական եւ 142 հողագործական արդիւնաբերութեանց վրայ։ Երկու տարի ետք կնքուեցաւ փոխանակութեան համաձայնագիր մը, որ կը թոյլատրէր երկրին ազգային դրամանիշը օգտագործել, փոխադարձ վաճառականութեան ատեն։

Մենաշնորհեալ համաձայնագրին կապակցութեամբ, նշանակէտ դրուեցաւ փոխադարձ առեւտուրի ծաւալը 35 միլիառ տոլարի բարձրացնել։ Չորս տարի ետք, արդիւնքը ամբողջական ձախողութիւն էր։ Արդարեւ, փոխադարձ առեւտուրի փոխարժէքը 9.3 միլիառ էր միայն, նուազագոյն արդիւնքը՝ անցնող 9 տարիներուն համար։ Մինչդեռ, 2012-ին, անիկա բարձրացած էր մինչեւ 21.9 միլիառի։

Թուրքիոյ արտածումները դէպի Պարսկաստան, 2012-ին կը բարձրանային 9.9 միլիառ տոլարի, մինչ անկէ ասդին անկում կրեցին, 2018-ին իջնելով 2.4 միլիառ տոլարի։ Իրանէն ներածումները, 2011-ին, 12.5 միլիառ տոլարէն իջան 6.9 միլիառ տոլարի 2018-ին։ Թուրքիոյ՛ մեծագոյն 20 յաճախորդներէն Իրանը կու գայ 19-րդը, հակառակ որ այս վերջինը քարիւղ ու կազ կը ծախէ իր դրացիին։ Տակաւին, առեւտուրի կշիռը ի նպաստ Իրանի է, Թուրքիա անցեալ տարի արձանագրելով 4.5 միլիառ տոլարի վնաս մը։

Առեւտրական փոխանակումներուն ուղղութեամբ, անկումը շարունակուեցաւ այս վերջին տարին եւս։ Այսպէս, 2019 Յունուարին, Թուրքիոյ արտածումները դէպի Պարսկաստան 191 միլիառ տոլար կը գնահատուէին, 27 առ հարիւրի անկում կրելով. իսկ ընդհանուր արտածումները դէպի Պարսկաստան 27 առ հարիւրի անկում կրելով։ Ընդհանուր ներածումները նոյնպէս, պակսեցան 16 առ հարիւր, կամ՝ 485 պիլիըն տոլար արժեցին։

Առեւտրական փոխանակումներու անկումը կը վերագրուի, 2015-ին կնքուած մենաշնորհեալ համաձայնագրի ձախող գործադրութեան վրայ։ Այսպէս, «Իրան արգիլեց ներածումը 339 արդիւնաբերութեանց, որոնցմէ 61-ը մաս կը կազմէին վերոնշեալ համաձայնութեան»։ Իրան, ոչ միայն չանսաց թրքական բողոքին, այլ իր երկրին խորհրդարանը արգելք դրաւ կարգ մը ներածումներուն վրայ մինչեւ 2021։ «Հիւսուածեղէններ, ուտելիք, դեղորայք, անուշահոտեր, որոնք կը վաճառուէին Իրանի, բայց որոնք կ՚արտադրուէին նաեւ Իրանի մէջ, դադրեցան ապսպրուելէ»։

Հակառակ յիշեալ յուսախափութեանց առեւտրական ծիրէն ներս, գործակցութիւնը կը զօրանայ այլ բնագաւառներուն մէջ, մանաւանդ զբօսաշրջիկութեան։ Անցեալ Փետրուարին, թրքական եւ իրանեան ճամբորդական ընկերութիւններու միջեւ կնքուեցաւ նոր համաձայնագիր մը, իրենց երկիրներուն զբօսաշրջիկութիւնը աւելի ծաւալելու նպատակով։ Ըստ թրքական ճամբորդական Միացեալ Ընկերութեանց  (TUR SAB), 2018-ին Թուրքիա այցելած 40 միլիոն զբօսաշրջիկներուն 2 միլիոնը իրանցիներ էին։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ քաղաքական միասնականութիւնը երկու երկիրներու միջեւ կը քաջալերէ զբօսաշրջիկութիւնը, հակառակ Իրանի տնտեսական դժուարութիւններուն։

Պարսկական ներդրումը ուռճացումի մէջ է նաեւ կալուածային ծիրէն ներս։ Անցեալ տարի, պարսկահպատակներ 3652 տուներ գնեցին Թուրքիոյ  մէջ, հետեւելով իրաքահպատակներու, որոնք 8205 տուն գնած են։

Պարսիկ գործարարները եւս ծաւալած են իրենց գործունէութիւնը Թուրքիոյ մէջ։ Համաձայն թրքական Առեւտրական Սենեակին, անցեալ տարի, պարսիկները 1019 ընկերութիւններ բացին, անոնց թիւը 357-էն բարձրացնելով 2017-ի, երեք բարձրագոյն թիւը ունեցող երկիրներէն մէկը դառնալով Թուրքիոյ մէջ։

Վերոյիշեալ ընկերութիւնները, զբօսաշրջիկութեան փոխանակումներով միատեղ, կը զօրացնեն կամուրջները երկու երկիրներուն միջեւ։ Սակայն իրանեան պետութեան յարատեւ միջամտութիւնը՝ իր երկրին տնտեսութեան ապահովութեան համար, կը դժուարացնէ հարցերը սահուն առեւտուրի մը գոյատեւման ուղղութեամբ։

Զարմանալու չէ Թուրքիոյ Առեւտրական Նախարարութեան ազդարարութեան համար, որ կը զգուշացնէ տեղացի գործարները, թէ Իրանը 124-րդը կը կազմէ, Թուրքիոյ մէջ գործող 190 երկիրներէն։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Էլ-Մոնիթըր», 15 Մարտ 2019

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին