ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Ապրիլ 1-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին ՀՀ Կլենտէյլի հիւպատոսարանին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար՝ Տիար Դաւիթ Տօնոյեանի խորհրդական՝ Տիար Արտակ Բշտիկեանի հետ։ Հրաւիրուած էին քաղաքիս հայկական լրատուական միջոցները։
Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի բարի գալուստի եւ բացման ջերմ խօսքերէն ետք, ան խօսքը տուաւ Պրն. Բշտիկեանին։
Յարգելի հիւրը խիստ համակրելի երիտասարդ մըն է, որ իր պաշտօնին խորապէս ծանօթ եւ լաւատեղեակ պետական գործիչ մըն է։
Այս օրերս Լոս Անճելըսի հայութիւնը ԱՄՆ գտնուող Պաշտպանութեան նախարար Տիար Դաւիթ Տօնոյեանին կը սպասէր, որ կամքէ անկախ պատճառով Հայաստան վերադարձաւ եւ զինք փոխարինեց Պրն. Բշտիկեանը։
Պրն. խորհրդականը հակիրճ խօսքով Պաշտպանութեան նախարարին ողջոյնները փոխանցեց Լոս Անճելըսի հայաշատ համայնքի անդամներուն։
Մամլոյ ներկայացուցիչներուն հարցերը լսելով, ան խօսեցաւ Պրն. Տօնոյեանի կողմէ հնչած «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» արտայայտութեան եւ կարգախօսին մասին։ Պրն. Բշտիկեանը լուսաբանեց այս արտայայտութեան բազմաբովանդակ նշանակութիւնը։
Շարունակելով իր խօսքը, Պրն. Բշտիկեան խօսեցաւ հայոց անպարտ բանակի վիճակին, զէնք եւ զինամթերքի, Ատրպէյճանի կուտակած բազմամիլիոն տոլար արժող զէնքերուն մասին։ Շատ գոհացուցիչ եւ ցուցադրութեամբ խօսեցաւ վերջերս Մեղրիի շրջանին մէջ, կարգ մը երիտասարդ զինեալներու անկարգապահ արարքներուն մասին։
Պրն. Բշտիկեան մօտ մէկ ժամէն աւելի տեւող զրոյցը աւարտեց կոչ ընելով, որ հայրենիքի բանակին նկատմամբ համակրանքի կամ հակակրանքի զգացում պէտք չէ ունենալ։ Հայոց բանակը անկուսակցական մեր հայրենիքի պաշտպանութեան վահանն է եւ եկէք բոլորս ալ աշխատինք համակարգուած եւ ծրագրուած ձեւով օգտակար ըլլալու մեր անպարտ բանակին։






