Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի եւ “Advanced Chess Organization” շախմատի դպրոցի աշակերտները՝ Քալիֆորնիա նահանգի ախոյեաններ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ Մարտ 16-17-ին տեղի ունեցաւ 2019 թուականի ճատրակի (շախմատի) Մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարանի աշակերտներու նահանգային ախոյեանութիւնը՝ “Super States 2019”։ Նորթ Հոլիվուտի մէջ գտնուող “Advanced Chess Organization” ճատրակի առաջատար ակումբի 35 աշակերտներ մասնակցեցան տարուան այս ամենակարեւոր նահանգային մրցաշարքին եւ վերադարձան տարբեր տարիքային խումբերու հինգ խմբային եւ հինգ անհատական բաժակներով (գաւաթներով), նուաճելով մետալներ տարիքային տարբեր խումբերու մէջ։

 

Նախ անհատական բաժակներով  պարգեւատրուեցան Դաւիթ Առաքելեան, Բաբգէն Սարգսեան, Յակոբ Սահակեան, Ռաֆֆի Արգամի եւ Ալեքսանդր Փամբուքեան։ Մանկապարտէզի երեք աշակեերտներ՝ Դիմիտրի Առաքելեան, Լեւոն Մկրտչեան եւ Էլիաս Մեսրոպի առաջին, առաջին դասարանցիներ Քրիսչըն Գալայճեան, Չարլի Պեպոյեան եւ Ալեք Գրիգորեանի հետ միասին կանգնեցան ախոյեանի ամենաբարձր պատուանդանին իրենցմէ ետ ձգելով շարք մը հանրածանօթ շախմատային ակումբներու խաղացողներ։ Յատկանշական է, որ անոնց մեծ մասը աշակերտներ են Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի։ Նոյն դպրոցի աշակերտներէն բաղկացած 2-րդ եւ 3-րդ դասարանցիներու խումբը նոյնպէս նուաճեց առաջին պատուաւոր տեղը եւ վերադարձաւ յաղթական բաժակով։ Իսկ իրենց երէց ընկերները՝ 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանցիներու խումբը նուաճեց 3-րդ տեղի պրոնզէ բաժակը։

Միացեալ Նահագներու շախմատի ֆեդերացիայի առաջատար մարզիչ Արթուր Աղաջանեանը իր գոհունակութիւնը արտայայտեց մրցաշարքին արդիւնքներէն եւ յորդորեց, որ իր աշակերտները ա՛լ աւելի լաւ նախապատրաստուին յառաջիկայ ամրան կայանալիք Երեւանեան մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ՝ Յուլիս 17-25։ «Այս հանդիպումը, յոյսով եմ, կը լինի աւանդական։ Այն կը խթանի ամերիկահայ եւ հայաստանաբնակ մեր հայերնակիցների կապը։ Մենք մեծ ուրախութեամբ եւ անհամբերութեամբ ենք սպասում ACO շախմատի ակումբի եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի պատանիների ու աղջիկների հանդիպման Հայաստանում՝ իրենց հայրենակիցների հետ», ըսաւ վաստակաշատ մարզիչը։

***

Կը շնորհաւորենք մարզիչ Արթուր Աղաջանեանը, ինչպէս նաեւ անոր շախմատային դպրոցի՝ ACO եւ ՀԲԸՄ ՄՏՎ-ի աշակերտները, այս բացառիկ յաջողութիւններուն եւ արդիւնքներուն համար, մաղթելով յարատեւ վերելք։

Ճատրակը արդէն երրորդ տարին է, որ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի նախակրթարանի պարտադիր ծրագրին մաս կը կազմէ եւ իրենց ուսուցիչ եւ մարզիչ Արթուր Աղաջանեանի շնորհիւ անոնք տարուէ տարի կը գերազանցեն իրենք զիրենք։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին