Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Արցախի Քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն նուիրուած ձեռնարկ՝ Հոլիվուտ Հիլզ Ֆորեսթ Լոնի մէջ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկրորդ տարին ըլլալով, «Ֆորեսթ Լոն» հաստատութիւնը յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ,  յարգելու համար շրջանի հայութիւնն ու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։

Այս տարուան յիշատակութեան ձեռնարկին օրը կը զուգադիպի Արցախի մէջ 2016-ի Ապրիլեան պատերազի երրորդ տարելիցին. հետեւաբար, կազմակերպողները զայն պիտի նուիրեն մեր քաջարի զինուորներուն յիշատակին, որոնք իրենց ամէնէն թանկագինը՝ կեանքը զոհեցին ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան։ Անոնց ցուցաբերած  անձնուիրութիւնն ու վճռակամութիւնը թոյլ չտուաւ, որ թուրք-ազերին  այս անգամ ալ հասնի իր նպատակին, բռնագրաւել եւ տիրանալ Հայաստանի դարպասին՝ Արցախին։

Ծանօթ իրականութիւն է, որ դարերու ընթացքին, մանաւանդ վերջին մէկ ու կէս դարերուն, թուրքն ու ոճրագործ դաշնակիցները իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրին եւ կը դնեն, միանգամընդմիշտ վերցնելու համար փանթուրքիզմին դէմ խոչընդոտ հանդիսացող Հայաստանն ու հայութիւնը, սակայն միշտ ալ հանդիպեցան բուռ մը հայերու խիզախ եւ անձնուրաց դիմադրութեան. հայը մի՛շտ ալ իր սահմանափակ միջոցներով անկարելին կարելի դարձուց՝ ձախողութեան մատնելով իւրաքանչիւր փորձ։ Վկայ մեր վերջին մէկ դարու ազատագրական պայքարի պատմութիւնն ու ինքնապաշտպանութեան կռիւները, վկայ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմը։ Հակառակ միլիառաւոր տոլարներու հասնող արդիական զէնքերուն, Պաքու չկարողակաւ իր նպատակին հասնիլ, շնորհիւ բուռ մը հայ քաջերու աննկուն կամքին եւ գիտակցութեան։

Պուլկարացի հանրածանօթ լրագրող եւ ժապաւէններու բեմադրիչ Ցվետանա Փասկալեւա, որ Արցախեան պատերազմի առաջին օրերէն սկսեալ ու ամբողջ տեւողութեան, նկարահանած եւ արձանագրած է պատմական դէպքերը, յատուկ վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստած է այդ հերոսներուն մասին, «Նուիրեալները» խորագիրով, անմահացնելով անոնց յիշատակը։

«Ֆորեսթ Լոն» հաստատութիւնը, ընդառաջելով ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբին, հրաւէր ուղղած է ժապաւէնին հեղինակին, որ անձամբ ներկայ գտնուի եւ աւարտին, պատասխանէ ներկաներուն հարցումներուն։

Ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 7 Ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 2։00-էն սկսեալ։ Ձեռնարկին սկզբնաւորութեան ու աւարտին, ներկաները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու նաեւ շրջանիս կարգ մը հայրենակցական միութիւններու կողմէ ցուցադրուելիք՝ իրենց շրջաններու պատմական տեղեկութիւններուն, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ արուեստի աշխատանքներու նմուշներուն։

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, ձեռնարկը ձրի է հանրութեան, ցուցադրութեան եւ հիւրասիրութեան ընթացքին, գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ պիտի ունենայ Արա Տապանճեան՝ իր բարեկամներով։

Կոչ կ՚ընենք շրջանիս հայութեան, որ խուռն ներկայութեամբ ոչ միայն յարգեն յիշատակը Արցախի մեր հերոսներուն, այլ նաեւ ցոյց տան համայն աշխարհին, որ Արցախէն հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուող հայութիւնը հաստատ կը մնայ ոչ մէկ հող զիջելու հայրենի ժողովուրդի կամքին եւ կը պահանջէ, որ յարգուին Արցախի հայութեան մարդկային եւ գոյութեան իրաւունքները։

 

ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին