ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հօրեղբօրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեանի Հալէպի բնակարանը թերեւս պէտք է համարել պզտիկ տուն-թանգարան մը: Հոն կան մեծաթիւ հայկական մամուլ եւ գիր, նաեւ` գեղանկարչական գործեր, որոնց մէջ իր անձնական գծագրական հաւաքածոն եւ շատ մը համաշխարհային վաստակ ստացած նկարիչներու գործեր` տարբեր երկիրներէ: Իր բնակարանը միշտ ալ եղած էր ժամադրավայր, ուրկէ անցած են արուեստագէտ-մտաւորական, ազգային եւ հայրենի բազմաթիւ գործիչներ: Հալէպի Սեպիլի իր բնակարանը պատանեկան տարիներէս ինծի համար եղած էր արուեստի եւ գրականութեան ծանօթացումի լաւ դպրոց մը:
Կարգ մը այցելողներու անձամբ հանդիպած եմ, ուրիշներու եւ անոնց տաղանդներուն մասին լսած եմ հօրեղբօրս յարաբերութիւններուն եւ բարեկամութիւններուն ճամբով, անոնք ո՛չ միայն այցելած են իրեն` Հալէպի տան մէջ, այլ նաեւ ձգած են գեղարուեստական գործեր-յուշանուէրներ, որոնք տան պատին վրայ գտած են իրենց արժանաւոր տեղը: Եւ այլեւս կարելի չէ տան պատին վրայ տեսնել ազատ տեղ մը անոնց բազմազանութենէն:
Այս հետաքրքրական նկարներէն մէկուն մասին հօրեղբայրս կ՚ըսէր, որ` «Այս երգիծանկարը Սարուխանի գործն է»` միշտ դէմքին վրայ նոյն ժպիտով, երբ կը ներկայացնէր զայն: Վերջապէս երգիծանկար է եւ անոր մէջ պատգամը կը յառաջացնէ քիչ մը խնդուք, քիչ մը ծիծաղ եւ երեւի քիչ մըն ալ… խծբծա՞նք…
«Մեծ երգիծանկարիչ է եւ համաշխարհային համբաւ ու վաստակ ունի», հօրեղբայրս էր, որ կը տածէր իր յարգանք-հիացմունքը Ալեքսանտր Սարուխանին հանդէպ, որուն հետ բարեկամութիւնը սկսած է Հալէպի անոր մէկ այցելութեան ընթացքին եւ շարունակուած է ատկէ ետք ալ:
Իմ պատանեկան տարիներուն, եւ` այդ օրերու մտածողութեամբ ու պատկերացումով, այս նկարը քիչ մը իւրայատուկ էր: Պէտք էր կամաց-կամաց սորվէի, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել երգիծանկար: Բայց չէ՞ որ հօրեղբայրս է… Ինծի սիրելի… Բայց ինչո՞ւ այսքան կերպարանափոխուած ձեւով պէտք էր գծուէր իր նկարը: Եւ հապա՞ նկարին միտք բանին: Պատգա՞մը:
Գիտէի, որ հօրեղբայրս ակնաբոյժ է: Պատանեկան տարիներուս կը տեսնէի, թէ ինչպէս իր հիւանդներուն աչքերը կը քննէր եւ կը գործածէր այդ փոքրիկ, միջակ եւ մեծ տառերը` պատին վրայ դրուած տեսնելու եւ չափելու համար աչքին ուժականութիւնը: Բայց այս նկա՞րը… նաեւ անոր միտքը-արտայայտութիւնը` «Սատարել հայկական մշակոյթին»:
Եւ կամաց-կամաց տարիներու ընթացքին պիտի սորվէի, որ երգիծանկարն ալ արուեստ է, եւ անոր մէջ կայ սուր պատգամ..: Եւ պատգամը կրնայ գալ գծագրութեան մը միջոցով, որ կրնայ տարօրինակ եւ քիչ մըն ալ խնդալիք խծբծանք ունենալ: Բայց Ալեքսանտր Սարուխան լաւ տեսած ու հասկցած էր հօրեղբօրս ներաշխարհը: Թէեւ ակնաբոյժ էր մասնագիտութեամբ, բայց «հայ մշակոյթին սատարելը» իր ամբողջ էութիւնն էր: Եւ տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր Հալէպ այցելութեանս այս նկարը կար, ու կը դիտէի միշտ` քիչ մը աւելիով հաղորդակցելու եւ ճանչնալու Սարուխանը, անոր տաղանդն ու մշակած մշակոյթը:
***
Իսկ տաղա՞նդը:
Գահիրէ, Եգիպտոս. Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019: Կարօ Ներետեանին եւ անոր տիկնոջ` Սեդա Սարուխանին տունն եմ: Բայց տո՞ւն, թէ՞ ուրիշ փոքր տուն-թանգարան մը:
Սեդա Սարուխանը դուստրն է Ալեքսանտրի, Կարոն` փեսան: «Սարուխանը զիս ընտրեց իբրեւ իր աղջկան ամուսինը», ըսաւ Կարոն իրեն յատուկ գեղեցիկ ժպիտով մը:
Կարոն չվարանեցաւ ըսելու իր տարիքը. «Արդէն իննսուն տարեկան եմ»: Ան ամէն ձեւով սարուխանագէտ է: Տեսած է իր աներոջ տաղանդը եւ սորված ու իւրացուցած է զայն իր կեանքին մէջ որպէս արժէք: Ան երբեք չի յոգնիր որեւէ այցելուի դարձեալ ցոյց տալու Սարուխանի գործերը, որոնք տան բոլոր պատերուն տեղադրուած են: Եւ ան, մէկ կողմէ համբերութեամբ, բայց նաեւ մեծ կորովով կը բացատրէ իւրաքանչիւր երգիծանկարին ետին կեցած միտքն ու գաղափարը ու նաեւ արուեստը: «Քաղաքական հոտառութիւն ունէր», ըսաւ Կարոն: «Բայց նաեւ կը կարդար միջազգային պատմութիւն, որպէսզի իրազեկ դառնայ ընդհանրական իրավիճակներուն»:
«Հայրս շատ համեստ մարդ էր», ըսաւ Սեդան: «Նոյն մօտեցումը ունէր բոլոր մարդոց հանդէպ` առանց խտրութեան: Ամէն բանէ գոհ էր», շարունակեց ան:
Սարուխանի համար «գոհ» մարդը սկսած է իր մանկութենէն, երբ սկսած է քալել իր կեանքի ճամբէն:
Սարուխան ծնած է Արտանուշ, ապա անցած է Պաթում, ուր հասակ առած է: Կ՚անցնի Պոլիս` ուսանելու համար եւ որմէ ետք Վիեննա` կատարելագործելու համար իր գծագրական տաղանդը: Վիեննայի մէջ կը հանդիպի արաբ գործարարի մը, որ կը համոզէ Սարուխանը, որ Եգիպտոս գայ, ուր իրեն համար ասպարէզային մեծ հնարաւորութիւններ կրնան ստեղծուիլ: «Պարզ մարդ էր հայրս, հաւատացած է արաբին եւ մեկնած` Եգիպտոս», ըսաւ Սեդան:
Սարուխան կը հասնի Աղեքսանդրիա, բայց եգիպտացի գործարարը հոն չ՚ըլլար զինք դիմաւորելու համար, ինչպէս որ խոստացած էր, իսկ Սարուխան «հաւատացած»: Եւ ինչպէս որ Սարուխան գրած է իր վկայութիւններուն մէջ.
«Վստահ քայլերով կը դիմէի փարաւոններուն երկրին մէջ ինծի սպասող փայլուն հեռանկարներով լի ապագան»: Արաբ գործարարը չտեսնելով` չ՚ուշանար յուսախաբութիւնը: «Անասելի ու անբացատրելի յուսախաբութիւնը պատեց զիս: Իջնել քարափ` ի՞նչ ընելու, ո՞ւր երթալու համար»:
Բայց ան իջած էր քարափ: Իջած էր, որպէսզի սկսի անակնկալներով եւ անորոշութիւններով լեցուն կեանքը բոլորովին անծանօթ երկրի մէջ. ան չէր գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի երթայ եւ ի՛նչ պիտի ընէ: Սարուխան պիտի գտնէր ելքը: Ան կը հանդիպի հայորդիներու, որոնք կը խրախուսեն զինք: «Բնաւ մի՛ վախնար: Ես կռնակդ եմ» արտայայտութիւնը կը կրկնուի` հաւաստիացնելով ու խրախուսելով երիտասարդ Սարուխանը: Եւ Սարուխան մէկ-մէկ պիտի բարձրանար Եգիպտոսի իր կեանքի անորոշ եւ անծանօթ աստիճանները եւ կերտէր իր կեանքը` հասնելու համար իր տաղանդի յաջողութեան: Եւ յաջողութեան գաղտնի՞քը: «Ես կը կարծեմ, որ աշխարհի մէջ յաջողութեան պայմանը երբեք չյուսահատիլն է,անվհատ պայքարիլը ձախողութեան դէմ», ըսած է ան:
Կը դիտեմ Սարուխանի յաջողութեան արգասիքը: Իր երգիծանկարներուն մէջէն կը տեսնես սուր միտք, բայց նաեւ` զօրաւոր տեսողութիւն: Ան կրնայ դիտել հեռուն`ապագայի գալիք պատահարները եւ անցուդարձերը տեղադրելով իբրեւ երգիծանկար`միշտ պաշտպանելով արդարութիւնը եւ արհամարհելով արժէքներու ոտնակոխումը: 1960-ական տարիներէն արդէն կրցած էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Կիպրոս կղզին պիտի բաժնուի երկուքի` աշխարհագրական սահմաններու հասկացողութեամբ: Շատ հետաքրքրական կերպով կրցած էր պատկերացնել, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Քրիստոս երկրորդ անգամ ըլլալով դարձեալ ուզէ աւանակի վրայ Երուսաղէմ մտնել Ծաղկազարդի օրը, եւ թէ ինչպէ՛ս մարդ պատնէշներ շինած է արգիլելու համար անոր մուտքը… Իր ժամանակներու կեանքի արժէքի չափանիշերը տեսնելով:
«Հայրս շատ հայրենասէր մարդ էր», ըսաւ Սեդան: «Բայց միշտ կ՚ուզէր կիրարկել հաւասարակշռութիւն` իր ազգային ուղեգիծին մէջ»: Իր երգիծանկարներուն մէջ պակաս չեն մեր ազգային կեանքէն վերցուած ստեղծագործութիւնները: Սարուխան նաեւ ապրած է իր կեանքը` իր ժողովուրդին ծառայելով տարբեր բնագաւառներու մէջէն:
Եւ նայելով իր բոլոր գործերուն եւ անոնց ետին կեցած ազգային-քաղաքական ու ընկերային բոլոր թեմաներուն` կրցայ նաեւ տեսնել, որ Սարուխան սիրած է մարդը եւ սիրած` կեանքը: Իր համեստ եւ գոհ ներաշխարհը իր մէջ կերտած է մարդկային ըլլալու արժէքը մարդուն մէջ: Իր երգիծանկարներուն մէջ կայ քննադատութիւն, քննական տեսողութիւն եւ երեւի քմծիծաղ, բայց այդ բոլորը` մարդուն սէրը եւ յարգանքը բարձր պահելով: Եւ այս ներաշխարհը կարելի է ընկալել, քանի Սարուխան հաւատացած է, որ «պէտք է սէր ու կիրք ունենալ գործին հանդէպ»: Սէրն ու կիրքը մարդկայինը կը ստեղծեն մարդուն մէջը:
Կարոյին ու Սեդային հետ այդ օր ես կամրջեցի իմ անցած ճանապարհս Հալէպի հօրեղբօրս տան յուշերէն մինչեւ Գահիրէ… Հալէպի տան այդ երգիծանկարը` «սատարել հայ մշակոյթին» եղաւ ապրող վկայութիւն մը: Վկայութիւն, քանի տեսայ հայ արուեստագէտ-երգիծանկարիչին տաղանդը, մեծ տաղանդը, որով մեծ ներդրում ունեցած է սատարելու հայ մշակոյթին, բայց նաեւ տեսայ, որ հայ մշակոյթը հայուն, իմ եւ մեր բոլորին կեանքին գանձն է եղեր: Եւ ինչպէս հայր Սարուխան իր դստեր` Սեդային իր երգիծանկարներէն մէկուն մէջ մակագրած է իր կեանքի խրատ-աւանդը:
«Մի՛ վախնար նմանելէ հօրդ ամէն բանի մէջ, նոյնիսկ` իր դէմքի գիծերուն: Եւ գիտցիր, որ այդ դէմքի գիծին տակ պահուած կան հոգեկան այնպիսի գանձեր, որոնց նմանելէն չես վնասեր»:
Իրապէս Սարուխան երգիծանկարիչի դէմքի գիծերուն եւ իր բոլոր գեղարուեստական գործերուն գիծերուն ետեւ կրցայ տեսնել հայ մշակոյթի գանձերը, որոնք ճոխացուցած են հայուն կեանքը: Սարուխան եւ իր նմանները ապրեցան եւ իրենց կեանքերով ստեղծագործեցին`սատարելով հայ մշակոյթին:
Մենք այսօր ժառանգորդն ենք այս հայկական մեծ մշակոյթին` իր տարբեր երանգներով: Անոնք մեր կեանքերուն «գանձերն» են, որոնք մեզի`հայերուս կու տան հպարտութիւն: Հպարտութիւն մը, որուն միջոցով կրնանք ապրիլ:
Գահիրէի Սարուխանի պզտիկ տուն-թանգարանէն այսօր կայ ապրող վկայութիւն մը: Սատարել հայ մշակոյթին: Սարուխանէն մէկ պատգամ, որ կը խօսի ինծի, քեզի եւ մեր բոլորին:
Իւրաքանչիւր հայ պարտի սատարել իր ազգային մշակոյթին, հայուն կեանքին, «գանձին»:
Հայուն կեանքին հպարտութիւնը: Հայուն մշակոյթը: