Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կը Դատապարտէ ԱՄՆ-ի՝ Կոլանի Բարձրունքները Որպէս Իսրայէլի Տարածքային Ինքնիշխանութիւնը Ճանչնալու Որոշումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը դատապարտեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի՝ Սուրիոյ Կոլանի բարձրունքները որպէս Իսրայէլի տարածքային ինքնիշխանութիւնը ճանչնալու որոշումը:
Պքերքէի պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին խորհուրդը նշեց, որ ԱՄՆ-ի որոշումը կը խախտէ միջազգային համաձայնութիւնները եւ կը բացասէ ժողովուրդի՝ իր սեփական հողը պահանջելու օրինական իրաւունքը:
Եպիսկոպոսները աւելցուցին նաեւ, որ Սուրիոյ ճգնաժամի հանգուցալուծումը կը բխի Լիբանանի շահերէն, կոչ ընելով ապահով հայրենադարձութեան՝ առանց վերջինս կապելու Սուրիոյ 8-ամեայ հակամարտութեան քաղաքական լուծումին:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին