Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

2018 Թուականին Ընդհանուր Առմամբ Շուրջ 113 Մլն Հոգի Տառապած Է Սովահարութենէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 2018 թուականին շուրջ 113 միլիոն հոգի աշխարհի 53 երկրի մէջ պարենի սուր կարիք զգացած է: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է Եւրամիութեան, ՄԱԿ-ի Պարենաւորումի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (FAO) եւ ՄԱԿ-ի Պարենաւորումի համաշխարհային ծրագրի պատրաստած զեկոյցին մէջ:

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ այդ մարդոց գրեթէ երկու երրորդը կը բնակի Աֆղանիստան, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն, Եթովպիա, Նիժերիա, Հարաւային Սուտան, Սուտան, Սուրիա եւ Եմէն: 2017 թուականին ցուցանիշը կազմած է 124 միլիոն, այսպիսով, խիստ քաղցի ենթարկուած մարդոց թիւը 2018 թուականին նուազած է 8.8 տոկոսով, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին