«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 2018 թուականին շուրջ 113 միլիոն հոգի աշխարհի 53 երկրի մէջ պարենի սուր կարիք զգացած է: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է Եւրամիութեան, ՄԱԿ-ի Պարենաւորումի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (FAO) եւ ՄԱԿ-ի Պարենաւորումի համաշխարհային ծրագրի պատրաստած զեկոյցին մէջ:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ այդ մարդոց գրեթէ երկու երրորդը կը բնակի Աֆղանիստան, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն, Եթովպիա, Նիժերիա, Հարաւային Սուտան, Սուտան, Սուրիա եւ Եմէն: 2017 թուականին ցուցանիշը կազմած է 124 միլիոն, այսպիսով, խիստ քաղցի ենթարկուած մարդոց թիւը 2018 թուականին նուազած է 8.8 տոկոսով, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:






