Կիրակի, 25. 01. 2026

spot_img

Մեսրոպեանի Մարզական Նորագոյն Նուաճումները

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը նոր մրցանիշ հաստատեց ԼԵՎԱՄ-ի շրջագիծին մէջ: Մեսրոպեանի աշակերտները 31 մետալ հնձեցին ԼԵՎԱՄ-ի աթլեթիզմի այս տարուան մրցաշարքին. ունեցանք 7 ոսկի, 12 արծաթ եւ 12 պրոնզէ մետալակիրներ` 8 տարբեր մարզաձեւերու մէջ: Այս նուաճումին մէջ մեծ է ներդրումը մեր վարժարանի մարմնակրթութեան ուսուցիչ Նարեկ Աւետիքեանին, որ մասնագիտօրէն կը զբաղի մեր աշակերտներու ֆիզիքական կրթութեամբ` ընդհանուր պատրաստուածութեան հետ միասին զանոնք պատրաստելով նաեւ մարզական մրցակցութեան:

Միւս կողմէ՝ Մեսրոպեանի ճատրակի աշակերտական հաւաքականը արձանագրեց հերթական պատուաբեր արդիւնքը: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւան ակումբի կազմակերպած՝ լիբանանահայ վարժարաններու ախոյեանութեան (24.03.2019) մեր վարժարանը գրաւեց երկրորդ դիրքը՝ ընդամէնը 0.5 կէտ տարբերութեամբ զիջելով առաջինին: Հաւաքականի անդամ 11 աշակերտներէն 4-ը դարձան մետալակիրներ: Այս յաջողութեան մէջ եւս առանցքային է ներդրումը տուեալ մարզի` ճատրակի մեր ուսուցիչ Էլի Հուլիշեանի, որ հետեւողականօրէն կը զբաղի մեր աշակերտներուն մարզումով:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին