ՇՈՂԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի Տիկնանց համախմբումը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս կազմակերպեց աւանդական միջինքի ձեռնարկը Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ին Անթիլիասի Le Myth ճաշարանէն ներս: Միջոցառումին ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի ղեկավար մարմիններու իգական սեռի ազնիւ ներկայացուցիչներ, հայկական դեսպանատան անձնակազմի ազնուափայլ տիկիններ, հայ երեսփոխաններու տիկիններ, բարեկամուհիներ, անդամուհիներ եւ համակիրներ:

Ժամանող հիւրերը մուտքին կ’արժանանային ջերմ ընդունելութեան եւ կ’առաջնորդուէին վայելելու հայ նկարիչներու վրձինով գունաւորուած եւ իմաստաւորուած կտաւներու ցուցադրութեան սրահը՝ մեղմ երաժշտութեան եւ յատուկ հիւրասիրութեան ընկերակցութեամբ:

Արդէն հրաւիրեալներ գրաւած էին իրենց տեղերը ճոխ եւ համադամ ճաշերով զարդարուած սեղաններու շուրջ, եւ զգալիօրէն կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն: Լիբանանեան, հայկական եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգերու ունկնդրութենէ ետք բարի գալուստի ջերմ խօսքերով հանդէս եկաւ շնորհալի վարչականուհի տիկին Վերա Գազանճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները արժեւորեց օրուան իմաստը:

Գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ վարչականուհի տիկին Ծովակ Թաշճեան, որ սաքսոֆոնի վրայ իգական սեռի յատուկ վայելչութեամբ նուագեց ընտրուած երգերու փունչ մը՝ արժանանալով հիւրերու բարձր գնահատանքին:
Խումբ մը սիրասուն օրիորդներ նոյնանման տարազով եւ ոճով հրամցուցին օտար երգերու շարան մը եւ ճոխացուցին մթնոլորտը:
Մեծ Պահքի յատուկ ճաշերու տեսակը, սիրալիր վերաբերումը, վիճակահանութենէն շահող տիկիններուն ուրախութիւնը, նուիրատուներու սրտաբուխ նուէրները աւելի ջերմացուցին մթնոլորտը, եւ հաճելի ու բարձր տրամադրութիւններով բաժնուեցան սրահէն՝ դարձեալ հանդիպելու խոստումներով:
Գնահատանքի արժանի միջոցառում, որուն համար շնորհաւորելի են ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Տիկնանց համախմբումի վարչականուհիները, գլխաւորութեամբ ժրաջան եւ անխոնջ ատենապետուհի տիկին Գալին Վանլեան Եաւէրեանի, որոնք ոչ մէկ ջանք խնայած էին ձեռնարկի յաջողութեան:
Շնորհակալութիւն ձեզի, ազնի՛ւ տիկիններ: Ձեր վարձքը կատար:






