Երգի Մը Պատմութիւնը – 12 –
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Երգի ստեղծման հետ կապուած պատմութիւնները այնքան շատ են, որ շատոնց հատած են անհաւանականի սահմանը: Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ անոնք, բնականաբար, երկրպագուներուն պայծառ երեւակայութեան «արգասիքն» են:
Երգի ստեղծման իրական պատմութիւնը նկարագրած է հեղինակը՝ Տոն Ֆելտերը, «Դրախտ եւ դժոխք. իմ կեանքս Տը Իկլսի մէջ» ինքնակենսագրական գիրքին մէջ:
Տաք երեկոյ մը, երբ տապի պատճառով չէր կրնար քնանալ, Ֆելտերը կիթառով, պարզապէս տարբեր ձայներու յաջորդականութիւն նուագելով, կը փորձէր անցընել հեղձուկ ժամերը։ Մեղեդին ինքնիրեն սկսաւ ծնիլ ու զարգանալ։ Ֆրայը օգնեց աւարտելու երգը, իսկ բառերը գրեց Հենլին (խումբի միւս անդամները)։ 1977 թուականի Փետրուարին երգը թողարկուեցաւ սինկլ տարբերակով եւ անմիջապէս դարձաւ հիթ։
Ի՜նչ պատմութիւններ ըսես չսկսան յօրինել երկրպագուները։ Անոնցմէ ոմանք այնքան անհաւանական էին, որ դժուար էր պատկերացնել մարդոց երեւակայութեան չափը։ Խումբ մը քրիստոնեաներ կ’ենթադրէին, թէ խօսքը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հիւրանոցի մը մասին է, որ գնած էր Անթոն Լա-Վեյը սատանիստական եկեղեցի բանալու նպատակով։ Մէկ ուրիշ վարկածով՝ «Գալիֆորնիա հիւրանոց »-ը խորքին մէջ հոգեբուժարան էր Գալիֆորնիա նահանգի Քամարիլիօ քաղաքը։ Մէկ այլ վարկած կը պնդէր, թէ թմրամոլներու վերականգնողական համաբուժարան է։ Խումբ մը երկրպագուներ վստահ էին, որ ան սքոթլանտական դղեակի մը անունն է, ուր մարդակերները կը հաւաքուին։ Կային նաեւ շատ մը ռոմանթիկ վարկածներ, որոնց համաձայն՝ երգին մէջ կը պատմուէր զոյգի մը մասին, որ ստիպուած կ’ըլլայ բաժնուելու աղջկան՝ շքեղ կեանքի մոլուցքին պատճառով։
Բոլոր այս անհեթեթ պատմութիւնները հերքուեցան, երբ հեղինակ Տոն Հենլին 2007 թուականին պատմեց, թէ խորքին մէջ ինչի՛ մասին կը խօսուէր երգին մէջ։ Ան պատմեց, որ երգը ամերիկեան մշակոյթին մէջ արմատացած աւելորդութիւններու, շքեղութեան ձգտող փառասէր ու սնամիտ աղջիկներու, արուեստը առեւտուրի վերածելու խրթին սահմանի եւ «ամերիկեան երազի» աքիլլէսեան գարշապարի մասին է։ Ան երգը մենախօսութիւն անուանեց Լոս Անճելըսի «բարձրաշխարհիկ հասարակութեան» կեանքի հակառակ՝ չերեւցող կողմին մասին։ Միւս համահեղինակը՝ Կլեն Ֆրայն ալ նմանատիպ կարծիք յայտնած էր. «Ան յաջողութեան հակառակ երեսի եւ խոցելի տեղերու մասին է, իսկ «Հոթել Գալիֆորնիա»-ն զուտ փոխաբերական իմաստ ունեցող արտայայտութիւն է եւ ոչ մէկ իմաստ ունի իր մէջ»։
1977 թուականին երգը ստացաւ Կրեմմի մրցանակ, բայց խումբի անդամները չգացին զայն առնելու։ Ինչպէս Թիմատի Շմիթը կը յիշէ, խումբը մրցանակաբաշխութիւնը կը դիտէր տունը՝ հեռուստացոյցէն։ Թէ ի՛նչ էր անոր պատճառը, ոեւէ մէկը չգիտցաւ։
Ինչեւէ, չնայած բազմաթիւ տարաբնոյթ վարկածներու, պատմութիւններու եւ յօրինուածքներու՝ մինչեւ այսօր, այսինքն՝ գրեթէ 40 տարի շարունակ «Հոթել Գալիֆորնիա»-ն կը շարունակէ մնալ մի քանի սերունդի միլիոնաւոր ներկայացուցիչներու սիրելի երգը։ Եւ որպէս յայտնի ճշմարտութիւն՝ քանի դեռ լսողներ կան երգը, ան ողջ է եւ երկարակեաց։