Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

«Եկած եմ Գլուխ Խոնարհելու Ձեր Առջեւ Եւ Ըսելու, Որ Հպարտ Եմ Ձեզմով». Արմեն Սարգսեան Բակօ Սահակեանի Հետ Այցելած է Թալիշ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նախագահ Բակօ Սահակեան ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ Ապրիլ 1-ին այցելած է Թալիշ, ծաղկեպսակ դրած գիւղի յուշահամալիրին մօտ, հանդիպում ունեցած ապրիլեան պատերազմին մասնակցած զինծառայողներու եւ ազատամարտիկներու հետ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` քննարկուած են պետականաշինութեան, բանակաշինութեան, Թալիշի վերականգնման առնչուող հարցեր:

«Թալիշը հազարամեականերու հայկական հող է, ան ողջ հայ ժողովուրդինն է», ըսած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան`  ընդգծելով, որ  Թալիշը հայկականութեան իսկական խորհրդանիշ է, որովհետեւ ան պատմականօրեն կապուած է հայ ժողովուրդի, անոր մշակոյթին ու ոգիին հետ:

«Հպարտ եմ, որ  այսօր ես կանգնած եմ երիտասարդ, հզօր մարտիկներու կողքին, որոնք ապացուցած են աշխարհին, որ իրենք տարածաշրջանի լաւագոյն բանակի զինուորներն են: Հպարտ եմ նաեւ, որ այդ զինուորները յաղթանակած բանակի հայրենեաց պաշտպաններն են. Ես անոնց կը մաղթեմ բարի ծառայութիւն: Թալիշի մէջ կարծես կը զգամ համայն հայութեան ներկայութիւնը»,-մասնաւորապէս ըսած է նախագահ Սարգսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին