«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն, որ նախորդող օր, ելոյթ մը ունեցաւ Թունուզի Արաբական լիկայի ժողովի շրջանակներուն մէջ, մեծ կարեւորութեամբ շեշտադրեց պատերազմական իրավիճակներուն վերջ տալու խնդիրը:
Ան նաեւ նշեց, որ արաբական միջավայրին մէջ գոյացած պատերազմները մեծ վէրքեր հանդիսացած են եւ իրենց հետքը ձգած են արաբ հասարակութեան վրայ:
Աուն նաեւ կարեւորեց Լիբանան հաստատուած սուրիացի փախստականներու խնդիրը, յայտարարելով, որ Լիբանան այլեւս անկարող է կրել սուրիացի մեծաթիւ փախստականներուն բեռը:
Աուն յիշեցուց, որ այսօր Սուրիոյ բազմաթիւ շրջաններ յայտնուած են ամբողջական խաղաղութեան մէջ, հետեւաբար սուրիացի փախստականները ժամ առաջ պէտք է վերադառնան իրենց երկիրը:
Յիշեցնենք, որ վերջին տուեալներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ այսօր կ’ապրին շուրջ 1.5-2 միլիոն սուրիացի փախստականներ, որոնք իրենց անմիջական ժխտական անդրադարձը կ’ունենան երկրի տնտեսական, ընկերային եւ այլ ոլորտներու վրայ:






