Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Լիբանան Թոյլ Պիտի Չտայ, Որ Իսրայէլ Ներխուժէ Իր Ծովային Սահմանները. Պըրրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի Հանրապետութեան վարչապետ Ատըլ Ապտ Ալ-Մահտիի հետ:
Ինչպէս կը տեղեկանանք խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն, հանդիպումին Պըրրի մասնաւորաբար անդրադարձաւ Լիբանանի ծովային տարածքը ներխուժելու իսրայէլեան մարմաջին՝ աւելցնելով, թէ Լիբանան երբեք թոյլ պիտի չտայ, որ նման բան պատահի: Այս մասին խորհրդարանի նախագահ Նապիհ յայտնած էր նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին, որ անցնող ամիս պաշտօնական այցով կը գտնուէր Լիբանան:
Պըրրիի դիտարկմամբ՝ միասնականութիւնը եւ համախմբուած դիմակալումը լաւագոյն միջոցն է կասեցնելու Իսրայէլի զաւթողական փորձերը:
«Երբ այս փոքրիկ Լիբանանը համախմբուի, ան Իսրայէլի դէմ ոչ թէ մէկ, այլ մի քանի անգամ կրնայ յաղթանակ տանիլ»,– ըսաւ ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին