«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արաբական պետութիւններու լիկայի (ԱՊԼ) անդամ երկիրները պիտի պնդեն, որ ընդունուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) բանաձեւը Կոլանի բարձունքներու իսրայէլեան ինքնիշխանութիւնը ճանչնալու հետ կապուած ԱՄՆ-ի որոշումին դէմ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
Ինչպէս նշած է «Reuters» գործակալութիւնը, Մարտ 31-ին Թունիսի մէջ կայացած միջարաբական գագաթնաժողովի ամփոփիչ յայտարարութեան մէջ հանդիպումի մասնակիցները միւս երկիրները նախազգուշացուցած են ԱՄՆ-ի օրինակին հետեւելու փորձերէն: «Արաբական պետութիւնները բանաձեւի նախագիծ կը ներկայացնեն ՄԱԿ-ի ԱԽ-ին եւ կը պահանջեն ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի եզրակացութիւնը ԱՄՆ-ի որոշումին անօրինականութեան եւ անվաւերութեան մասին»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ: «ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ բանաձեւի նախագիծին տարածումով կը զբաղի Քուէյթը (Էմիրութիւնը այժմ ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի ոչ մշտական անդամ է),– նշած է Արաբական պետութիւններու լիկայի գլխաւոր քարտուղար Ահմատ Ապու ալ Ղեյթը գագաթնաժողովի արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսին, որ տեղի ունեցած էր Թունիսի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Հմայես Ժինայուիի հետ համատեղ:– Կոլաններու հետ կապուած ԱՄՆ-ի որոշումը ոչ մէկ իրաւաբանական ուժ ունի, ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի անդամներէն ոչ մէկը, այդ կարգին՝ ԱՄՆ-ի դաշնակիցները, չեն պաշտպանած զայն»,– հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:






