Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Նախագահ Աունի Խօսքը Թունուզի ժողովին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն, որ նախորդող օր, ելոյթ մը ունեցաւ Թունուզի Արաբական լիկայի ժողովի շրջանակներուն մէջ, մեծ կարեւորութեամբ շեշտադրեց պատերազմական իրավիճակներուն վերջ տալու խնդիրը:

Ան նաեւ նշեց, որ արաբական միջավայրին մէջ գոյացած պատերազմները մեծ վէրքեր հանդիսացած են եւ իրենց հետքը ձգած են  արաբ հասարակութեան վրայ:

Աուն նաեւ կարեւորեց Լիբանան հաստատուած սուրիացի փախստականներու խնդիրը, յայտարարելով, որ Լիբանան այլեւս անկարող է կրել սուրիացի մեծաթիւ փախստականներուն բեռը:

Աուն յիշեցուց, որ այսօր Սուրիոյ բազմաթիւ շրջաններ յայտնուած են ամբողջական խաղաղութեան մէջ, հետեւաբար սուրիացի փախստականները ժամ առաջ պէտք է վերադառնան իրենց երկիրը:

Յիշեցնենք, որ վերջին տուեալներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ այսօր կ’ապրին շուրջ 1.5-2 միլիոն սուրիացի փախստականներ, որոնք իրենց անմիջական ժխտական անդրադարձը կ’ունենան երկրի տնտեսական, ընկերային եւ այլ ոլորտներու վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին