Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Հռչակաւոր Յետ Մահու. Արթուր Փինաճեան Ծննդեան 105 Եւ Մահուան 20-Ամեակներ (լուսանկարներ)

Համադրեց՝  ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ      

«Ան կրքոտ է եւ նուիրուած: Անոր աշխատանքներուն մէջ կ’արտացոլուի փառահեղ գեղանկարիչի հան-ճարի հոգին: Իր լաւագոյն, յատկապէս վերացական գործերուն համար անոր կարելի է դասել դարաշրջանի լաւագոյն նկարիչներու շարքին»:

Ուիլիըմ Իննես Հոմեր

(Ամերիկեան ժամանակակից արուեստի անուանի գիտնական)

Այս հայուն կեանքի զարմանալի պատմութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ ինչպէս արուեստը ան-մահ է, այնպէս ալ անմահ է ՀԱՅԸ. ան կրնայ մոխիրներէն յարութիւն առնել եւ իր փառքը տարածել ի սփիւռս աշխարհի:

   Հայկական ծագումով ամերիկացի գեղանկարիչ եւ զաւեշտական ժանրի գրող Արթուր-Աշոտ Փինաճեա-նի (աւելի գիտցուած որպէս Արչի Փինաճեան) մահէն 8 տարի ետք, անոր անշուք խրճիթին մէջ յայտնա-բերուած նկարները, որոնք ճակատագրի քմահաճոյքով միայն աղբանոցին մէջ չյայտնուեցան, գնահատ-ւեցան 30 միլիոն տոլար:

   Արթուր Փինաճեան յետ մահու միայն մեծ ճանաչում գտաւ՝ 2007-ին: Այդ տարին Պելփորթ քաղաքի (ԱՄՆ, Նիւ Եորք) Փինաճեաններու խրճիթին գնորդը յայտարարեց, որ ձեղնայարկը եւ կառատունը յայտնաբերած է 6000-էն աւելի կտաւներ, գծանկարներ, գիրքերու պատկերազարդումներ, որոնք յանձնած է արուեստաբաններու գնահատումին ու բացայայտած, որ գանձ մըն է յայտնաբերածը:

   Այս եզակի գեղանկարիչը իր ապրած տարիներուն աւելի ծանօթ էր որպէս գրող եւ երգիծանկարիչ: Ան կը հանդիսանայ մանկական շարժանկարներու (cartoon) ռահվիրաներէն մէկը:

   Փինաճեան ծնած է 1914-ի 28 Մարտին Նիւ Ճըրզի, մինչ Հայոց ցեղասպանութիւնը Տիարպեքիրէն հեռացած եւ ԱՄՆ հաստատուած Յակոբ եւ Վարդանուշ ամոլին յարկին տակ: Ծնողքը զինք անուանած են Աշոտ, սակայն հետագային ան որդեգրած է Արթուր կամ Արչի անունը: Փինաճեան հանդէս եկած է նաեւ տարբեր կեղծանուններով, ինչպէս՝ Արթ Կորտըն, Արթ Ֆրանքլին, Ճեյ Ֆլեթչըր, Թոմ Տիքսըն:

   1930-ին 16 տարեկան Արթուրը, աւարտելով միջնակարգ դպրոցը գերազանց արդիւնքով (դասարանէ- դասարան ցատկելով), իր հօրը եւ հօրեղբօրը հետ կը սկսի աշխատիլ (գորգագործական ընկերութեան մը մէջ որպէս դպիր)՝ ընտանիքին իր աջակցութիւնը բերելու նպատակով: Քսան տարեկանին լրագրող Լիւտ Շահպազեան իրեն կ’առաջարկէ «New York Daily News»-ի մէջ որպէս անկախ երգիծանկարիչ աշխատիլ: 1932-ին կեանքէն վաղաժամ կը հեռանայ իր մայրը, եւ Արթուր հօրը եւ քրոջը հետ կը տեղափոխուի Նիւ Եորքի հիւսիսը գտնուող Ուուտսթոք (WOODSTOCK)՝ շատ աւելի փոքր տուն մը ապրելու: Ապա Փինաճեան կը մասնակցի Բ. աշխարհամարտին եւ արիութեան համար «Պրոնզէ աստղ» շքանշանին կ’արժանանայ, որմէ ետք Նիւ Եորքի Կերպարուեստի ուսանողներու դաշնութեան մէջ կը շարունակէ ուսումը: Ամուրի ըլլլալով՝ հետագային կ’ապրի իր քրոջը՝ Արմինին (որ նոյնպէս ամուսնացած չէր) պատկանող փոքրիկ հիւղակը, ուր եւ կը ստեղծէ ու մինչեւ իր մահը կը պահէ իր աշխատանքներու հսկայական հաւաքածոն:

Արթուր Փինաճեան կը մահանայ Պելփորթ 1999-ի Օգոստոս 19-ին՝ 85 տարեկան հասակին եւ մինչ այդ քրոջը կը յորդորէ իր մահէն ետք նետել բոլոր «աղբերը», ինչպէս ինք կ’անուանէր իր ստեղծագոր-ծութիւնները: Բարեբախտաբար քոյրը, որ նկարիչը ստեղծագործելու մղողը, անոր ծախսերը հոգացողն ու անոր գործերուն ամենամեծ երկրպագուն էր, չ’անսար այդ յորդորանքին: Այս վերջնոյն ալ մահէն ետք՝ 2005-ին, ազգականները հիւղակը կը վաճառեն՝ անգիտանալով, թէ հոն ինչպիսի՛ գանձ մը թաղուած է փո-շիներու տակ: Անոնք ներողութիւն կը խնդրեն գնորդներէն՝ տան անսովոր թափթփածութեան՝ հազարաւոր գրուածքներու, կտաւներու, մատիտանկարներու համար՝ ըսելով, որ մեծ աղբաման մը դուրսը ատոնց կը սպասէ:

   Սակայն, բարեբախտաբար, արուեստի այդ մեծարժէք ստեղծա-գործութիւնները աղբամանին մէջ տեղ գտնելու փոխարէն՝ ճիշդ ձեռքերու մէջ կը յայտնուին:

   Թոմաս Շուլց եւ իր գործընկերը՝ Լարրի Ժոզէֆը, 300 հազար տոլար՝ խրճիթին եւ 2500 տոլար ալ ներսը եղած բոլոր նկարնե-րուն համար վճարելով՝ կը գնեն տունը՝ աննշան նորոգումներ ընելու եւ զայն վերավաճառելու մտադրութեամբ:                 

 

Յետոյ Շուլց, վճարելով գործընկերոջը հասանելիք գումարը, ինք կը դառնայ խրճիթին միակ տէրը եւ ուսումնասիրելով բոլոր նկարները՝ կը զգայ, որ գործ ունի կարեւոր կտաւներու հետ. «Ես հասկցայ որ այն, ինչ կը տեսնեմ, մէկու մը ամբողջ կեանքին գործն է, որ պէտք չէր յայտնուէր աղբանոցը»,- կը պատմէ ան: Ապա հաւաքածոն գնահատելու նպատակով յայտնի ար-ւեստաբաններ կը հրաւիրէ: Առաջինը դէպքին վայր կու գայ DELAWARE համալսարանի* փրոֆեսոր, արուեստի պատմաբան Ուիլիըմ Իննես Հոմեր: Յետոյ քանի մը ամիս անց Հոմէրի հրաւէրով հոն կու գայ նաեւ Փիթըր Ֆոք Հասթինկս՝ բազմատաղանդ անձ մը՝ գրող, հրատարակիչ, արուեստի փորձագէտ, որ բազմիցս վերականգնած էր մահացած շատ արուեստագէտներու վարկանիշը: Վերջիններս, ապշած ի-րենց տեսածէն եւ անմիջապէս հասկնալով, որ վերացական ոճի արտակարգ, «ճշմարիտ վարպետ» նկարիչ մը բացայայտած են, արուեստի պատմաբաններու միասնական խումբ մը կը կազմեն՝ Փինաճեանի կեանքին ու արուեստին մասին հետազօտութիւններ կատարելու նպատակով:

   Եւ արժանի գնահատականը չ’ուշանար. անոնք զարմանքով կը բացայայտեն, որ Փինաճեանի արուես-տը համարժէք է Վինսենթ Վան Կոկի, Սեզանի, Մաթիսի, Փոլ Կոկենի եւ Արշիլ Կորքիի նման հռչակաւոր նկարիչներու արուեստին:

   Արուեստի տեսաբանները Փինաճեանի աշխատանքները երկու ժամանակաշրջանի կը բաժնեն՝ ուուտ-սըթոքեան (1950-1973) եւ պելփորթեան (1974-1999):

   Փինաճեանի ուշագրաւ աշխատանքներէն են՝ «Տիկին Ֆաթալ», «Անտեսանելի արդարութիւն», որ յայտ-նի է նաեւ «Վեղարաւոր արդարադատութիւն» անունով:

Անյայտութեան քօղին տակ, տասնամեակ-ներ շարունակ Արթուր Փինաճեան աշխա-տած է վերացական տպաւորապաշտական ո-ճով՝ ստեղծելով վառ դիմանկարներ, գեղանը-կարներ, բնապատկերներ՝ ներթափանցուած կարմիր, դեղին, կանաչ գոյներով:

   Այս չճանչցուած նկարիչը կարեւոր կը նը-կատուի ո՛չ միայն իր ետին ձգած արդիւանա-ւէտ աշխատանքներուն, այլեւ ժամանակակից

արուեստի սկզբունքները հասկնալուն համար: Կարդալով անոր գրառումներն ու խոհուն վերլուծական գրուածքները, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով իր գծանկարները՝ արուեստաբանները զինք կը համարեն  «արուեստը ցոլացնող անվախ փիլիսոփայ մը»:

    Ան, ուշադրութիւնը սեւեռած ըլլալով իր նպատակներուն վրայ, երբեք փառքի ետեւէն չէ վազած: Իր կեանքի վերջին 26 տարիները միայն ու միայն արուեստին նուիրելով՝ Փինաճեան թէ՛ Ուուտսթոքի եւ թէ՛ Պելփորթի մէջ ստեղծագործած է մեկուսացած՝ ի դէմս հասարակական անտարբերութեան: Արուեստը ամբողջովին կլանած է անոր գրեթէ բոլոր արթուն ժամերը՝ մինչեւ մահ: Կեանքի ընթացքին նկարիչին՝ ճանաչում ձեռք բերելու սակաւաթիւ փորձերը անյաջողութեան մատնուած են: 

   Փինաճեանի ազգականներէն Արամ Արամեան կը պատմէ. «Երբ հիւր կ’երթայինք, ան միշտ կը կատա-կէր, իր անցեալին, ազգականներուն մասին կը պատմէր եւ միշտ կը հետաքրքրուէր մեր ընտանիքով: Անոր հետ շփուիլը հաճելի էր. թեթեւ բնաւորութիւն ունէր: Սակայն ան մէկ բան միայն կ’ուզէր՝ նկարել, նկարել, նկարել: Առտու, կէսօր եւ գիշեր… ամէն օր: Տարին 365 օր շարունակ»:

   Փիթըր Ֆոք Հասթինկս, որ Փինաճեանի մասին առաջին մենագրութեան խմբագիրն է, փորձելով լուսա-բանել նկարչի հոգեբանութիւնն ու ձեւաւորման տարիները՝ կ’ըսէ. «Եթէ նայիք Ամերիկայի վերացականու-թեան պատմութեան, անշուշտ, գլխագիրները յատկացուած են Ճեքսըն Փոլլոքին եւ Ուիլիըմ տէ Գունին-կին եւ այդ շրջանի բոլոր աստղերուն: Երկար ժամանակ կարծիք կար, թէ ոչ ոք այլեւս կրնայ թափանցել այդ յառաջատար շարքերը, քանի որ ամէն բան բացայայտուած է, եւ արուեստաբանները ամէն ինչ արդէն գիտեն: Եւ ահա մենք ապշած ենք… Ահա թէ ինչու այս պատմութիւնը արտասովոր է»:

   Հասթինկս կը բացայայտէ, որ Արթուր Փինաճեան չէ հետեւած ներկայ արուեստագէտներու երթուղիին, համապատասխան չէ այսօրուան չափանիշներուն. «Այնպէս կը թուի, թէ ան նկարիչ մըն է, որուն մասին կը կարդանք վէպերու կամ կը տեսնենք շարժապատկերներու մէջ: Ամերիկեան մոռցուած նկարիչի մը օրինակը. այսինքն՝ առասպելական, անօթի արուեստագէտ մը, որ իր նկարները կրցած է ձեւով մը վաճառել՝ նոր կտաւներ ստեղծելու անհրաժեշտ պիտոյքներ գնելու համար միայն»:

   Այդ տարիներուն, Հասթինկսի կարծիքով՝ Փինաճեան հաւանաբար շփում ունեցած է վերացական ճիւղի ամերիկացի արտայայտիչներուն հետ: Ան կ’ըսէ, որ 1948 թուականը թերեւս ամենաառանցքայինը եղած է նկարիչի զարգացման համար, երբ ան «որոշակի հոգեկան խանգարում» ունեցած է: Այդ պատճառով ան ծաւալուն գործ մը գրած է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեծ նկարիչ ըլլալը: Հասթինկս նկատել կու տայ, որ ատիկա նոյն թուականն է, երբ ամերիկահայ ամենաճանչցուած նկարիչը՝ Արշիլ Կորքին, անձնասպան ե-ղաւ: Ան նոյնպէս Ուուտսթոք կ’ապրէր: Ուրեմն երկու նկարիչները հանդիպած են իրարու:

Թէեւ Փինաճեան կերպարուեստի ամէն տեսակներէն նկարած է՝ տարփականէն սկսեալ մինչեւ իրա-պաշտական, տպաւորապաշտական, ֆորմալիստական եւ արտայայտչական գործեր, Հասթինկս կ’ըսէ, որ անոր տաղանդը լաւագոյնս դրսեւորուած է «լիրիկական, ռիթմիկ, վերացական բնապատկերներու մէջ»:

   Ուուտսթոք ապրած ժամանակաշրջանին Փինաճեանի ոգեշնչումի աղբիւր հանդիսացած է մօտակայքը գտնուող Օվերուք երկգագաթ լեռը, որ պարբերաբար կը յայտնուի իր կտաւներուն մէջ: Հասթինկս կ’ըսէ, թէ ինք վերջապէս հասկցած է, որ այդ լեռը Փինաճեանին յիշեցուցած է Արարատ լեռը, որուն վրայ հանգրուանած է Նոյան Տապանը, եւ որ Հայաստանի կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկը կը հանդիսանայ:

   Հասթինկս այժմ Փինաճեանի ժառանգութեան ցուցա-հանդէսներու տնօրէնն է, իսկ Թոմաս Շուլց, որ այժմ Փինաճեանի խրճիթը կ’ապրի, ձգելով իր աշխա-տանքը՝ ամբողջութեամբ նուիրուած է նկարիչի հաւաքածոն գրանցելու գործին: Ան կ’ընդգծէ, որ իր այս նոր զբաղումը աւելի շատ ներշնչանք մըն է, քան գումար վաստկելու միջոց: «Այստեղի ծառերուն կը նայիմ, որոնք պատկերուած են անոր կարգ մը հիասքանչ բնանկարներուն մէջ: Այնպիսի զգացողութիւն մը ունիմ, որ կարծես սուրբ վայր մը կը գտնուիմ: Իմ կեանքս տակնուվրայ եղած է: Այսպէս ըսած, այն ամէնն է, ինչ Փինաճեանն է: Ես կ’արթննամ ամէն օր՝ մտածելով Փինաճեանի մասին եւ թէ ի՛նչ կրնամ ընել, որ ան ըստ արժանւոյն գնահատուի: Եւ ես կը զգամ, որ ան վերջապէս հասած է ատոր:

***

   Մասնաւորաբար իր վերացական նկարներուն համար յառաջատար արուեստաբանները Փինաճեանը կը համարեն Ամերիկայի լաւագոյնը, քանի որ անոր գործերը կը ներկայացնեն յուզումի եւ տեսողական «մոտեռնիզնի» նկարչական ամբողջութիւն մը, ինչ որ հազուադէպ կը պատահի մեր օրերուն:

   Որքա՜ն հեգնական կրնայ ըլլալ կեանքը. նկարիչը, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին ինքզինքը անյաջողակ անձ մը կը համարէր, որ իր կենդանութեան օրօք կտաւներէն հազուադէպ կրցած է ցուցադրել եւ վա-ճառել՝ ընդամէնը 100 տոլարի, ինչով ան միայն ներկեր կրնար գնել, յանկարծ կը յայտնուի Ճեքսըն Փոլլո-քի, Ուիլիըմ տէ Գունինկի եւ Ֆրանց Քլայնի շարքին: Իսկ այսօր արդէն աստիճանաբար մեծ ճանաչում ըս-տանալով՝ անոր վերացական ստեղծագործութիւնները 3000-էն մինչեւ 70 000 տոլարի կը վաճառուին, իսկ քննադատները զայն «հանճար» կ’անուանեն:

   Եւ այս ամէնը… իր մահէն ետք:

   Հեքիաթ մը չէ՞ ասիկա:

Գալիֆորնիոյ Ստեֆընի (Stephanie’s) պատկերասրահի նախագահ Լինտա Ստեփանեան ԱՄՆ-ի մէջ հայկական արուեստի վաճառքով զբաղող յառաջատար վաճառականներէն մէկն է: Անոր պատկերասրա-հը առաջինն էր, որ 2010-ին Փինաճեանի գործերը վաճառելու սկսաւ, որուն ժամանակ նկարիչի գործերէն մէկը 100 000 տոլարի վաճառուեցաւ: Լինտա կը պատմէ, որ այս տարիներուն ընթացքին, արուեստասէր-ներու հետաքրքրութիւնը զգալիօրէն աւելցած է անոր գործերուն նկատմամբ: Արուեստագէտի գործերէն գնած են ամերիկահայեր, ռուսեր, Լոնտոն եւ Փարիզ բնակող հաւաքածոյ ունեցողներ:

   Այսօր Փինաճեանի ստեղծագործութիւն-ները կը ցուցադրուին Նիւ Եորքի Սոհօ հանրաճանաչ պատկերասրահը, ինչպէս նաեւ Մանհեթենի ցուցասրահը:  

   Անոր պատմութեան հանդէպ հետաքըր-քըրութիւն սկսած է ցուցաբերել ամերիկեան յայտնի «HBO» հեռատեսիլի կայանը: «ABC» հեռուստաընկերութիւնը այս պատմութիւնը ներկայացուցած է որպէս «աննկարագրելի բացայայտում մը», ուրիշ մը՝ «ABC’s 20/20» կայանը յայտնած է. «Փորձագէտներու պըն-դումով՝ Փինաճեան արժանի է, որ զինք ան-ւանեն ժամանակակից արուեստի չբացայայտուած մեծագոյն հանճարներէն մէկը»:

   Իսկ ըստ արուեստի մեկնաբաններու եւ վաճառականներու կանխատեսումներուն՝ քանի մը տարի ետք, երեքէն չորս անգամ կրնան աճիլ ներկայիս գիները: Ըստ անոնց՝ Փինաճեանի կտաւներու գիներու «…վերելակը դեռեւս առաջին յարկին վրայ կը գտնուի»:

*DELAWARE համալսարանը ամերիկեան արուեստի պատմութեան միջազգայնօրէն ճանաչում ունեցող ամենահեղինակաւոր հաստատութիւններէն մէկն է:


 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին