Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Աուն Օգնութիւն Կը Խնդրէ ՄԱԿ-էն՝ Սահմանագծելու Հարաւային Ծովատարածքը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արաբական պետութիւններու լիկայի գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով Թունիսի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցի ծիրին մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշի հետ:
Հանդիպումին Աուն մասնաւորաբար անդրադարձաւ Լիբանան-Իսրայէլ հարաւային ծովատարածքը սահմանագծելու վիճայարոյց թեմային՝ այդ հարցի գծով օգնութիւն խնդրելով ՄԱԿ-էն:
Այնուհետեւ նախագահը վեր հանեց սուրիացի գաղթականութեան հայրենադարձութեան հրատապ խնդիրը՝ ընդգծելով, որ Լիբանան անխափան պիտի շարունակէ կազմակերպել սուրիացիներու կամաւոր տունդարձը, ինչը 2018-ի Յուլիսէն յաջողապէս կ’իրականացնէ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ծառայութիւնը: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին