Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Աներեւելին

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Քանկ Ֆու Ցէին հարց տուեր են, թէ ինչո՞ւ երբեք չի խօսիր անդենականի մասին: Ան պատասխաներ է. «Երեւելիները տակաւին չենք հասկցած, ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ աներեւելիները»: Այդպէս, մարդը ո՞վ կրնայ հասկնալ: Նիւթ մը, որ մարդու ծագումէն ի վեր չարչարած է նոյնինքն մարդու միտքը, որ իր մէջ անտառներ ունի չպեղուած, ուր կ’ապրէր, ու բարձրունքներ, ինչպէս նախամարդը, որ բնակութիւն ունէր ծառերու վրայ, ու տակաւին ազդեցութիւնը կ’ապրի: Վերջին հաշուով, ինչպէս Թէքէեան կը գրէ. «Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ»: Գիտութիւնը երկայնքին, կշիռքին, ջերմութեան եւ այլ բազմաթիւ նիւթերու յստակութիւնը տուած է, սակայն մարդու խորքին որքա՞ն, ի՞նչ կրցած է տալ՝ հակառակ բազմաթիւ ու բազմատեսակ պեղումներու եւ ուսումնասիրութիւններու ու վերջնական հանգրուանի մը չէ հասած, ու լուծումը կը մնայ հեռու, շա՜տ հեռու: Ուրիշ հարց եւս, եթէ երեւելի երեւոյթներու պիտի հետեւինք, հետեւցնենք, անոնք արդիւնքն են ներքինին՝ աներեւելիին, որ արտաքին փոփոխութիւններու ազդեցութեան տակ իրենք ալ կը ձեւափոխուին, ուղղութիւն կը փոխեն, մանաւանդ համաշխարհայնացումի ամենակուլ ծոցին մէջ, կ’աւերէ հինը՝ նոր տեսակէտներու եւ մտայնութիւններու տուն տալով: Եւ կ’ունենանք յարափոփոխ աշխարհ մը, ուր երկրային աներեւոյթը, վաղը նոյնքան անլուծելի իրականութեան տուն կու տայ մանաւանդ յարաբերաբար տկար ժողովուրդներու կեանքին մէջ, ուր նորը դիմակայելու համար հեռատեսութեան կը կարօտի: Մէկ բան յստակ է եւ անառարկելի. բնութեան մէջ ուժն է տիրական, թէեւ անոր սահմանումը նոյնպէս առաձգական է: «Ծռիր եւ պիտի շտկուիս»… այս Տաոիզմի վարդապետութենէն է, ինչ որ հակոտնեայ է այլ վարդապետութեան: Զինուորականի մը ուժ սահմանումը կը տարբերի քաղաքագէտի մը սահմանումէն: «Հանդարտ կեցէք եւ ճանչցէք՝ Ես եմ Աստուած»… այս ալ ուժի տարբեր մէկ տեսակն է: «Հանդարտ կենալ», ու դեռ շարքը երկար է:

Տրովադայի եօթնամեայ պատերազմին շատ դիպուկ է յոյն զօրավարին մէկ խօսքը. «Հոն ուր մեր բանակը յաջողութեան չի  հասնիր, յոյն ՄԻՏՔՆ է որ յաղթանակ կը պարգեւէ»: Ու յայտնի է ձիուն պատրաստութիւնը ու անոր բերած արդիւնքը:

Կեանքը շարժում է, պայքար է, կռիւ է, լայն չափանիշով՝ պատերազմ է: Այս իրողութեան Էփիքիւր խորհուրդ կու տայ կեանքը հաճելի ապրելու համար հեռու մնալ քաղաքականութենէ, սակայն եկո՛ւր, տե՛ս, որ քաղաքականութիւնն է որոշիչ դեր կատարողը կեանքի մէջ: Տնտեսութիւն, բժշկութիւն, քաղաքաշինութիւն, գեղարուեստ, ապրելակերպ, մանաւանդ զինուորական գերակայութիւն, որով աշխարհին տիրելու յաւակնութիւնը կը զգենու: Թրամփի վերջին յայտարարութիւնը Կոլանի բարձրունքին վերաբերեալ. զարմանալի չէ՞՝ ո՞վ որու հողը որու կը պարգեւէ: Եթէ Սիամանթօն ոգեկոչենք, պիտի կրկնենք՝ «Ով մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քո ճակատին»: Այսպիսով արդարութի՞ւն հաստատուեցաւ:

Ո՛չ հաստատուեցաւ, ո՛չ ալ պիտի հաստատուի: Ուստի, տեղին համակերպիլ, տեղին յարձակիլ, տեղին հանդարտ նստիլ, ինչ որ զօրութիւն է, սակայն այս ամենամեծ արուեստն է ՏԵՍՆԵԼ ԱՅԴ «ՏԵՂ»-Ը: Ապրիլ գոյատեւելու եւ ըլլալու յաւերժի ճամբորդ, ոչ թէ գրիչով, այլ գործով: Մի՞թէ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ է: Այդ է ուղղութիւնը այժմ. կարենալ օձապտոյտ, աներեւոյթ ուղիներէ ընթանալ՝ յանուն  ազատ ԱՐԱՐԱՏԻ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին