«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արաբական պետութիւններու լիկայի գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով Թունիսի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցի ծիրին մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշի հետ:
Հանդիպումին Աուն մասնաւորաբար անդրադարձաւ Լիբանան-Իսրայէլ հարաւային ծովատարածքը սահմանագծելու վիճայարոյց թեմային՝ այդ հարցի գծով օգնութիւն խնդրելով ՄԱԿ-էն:
Այնուհետեւ նախագահը վեր հանեց սուրիացի գաղթականութեան հայրենադարձութեան հրատապ խնդիրը՝ ընդգծելով, որ Լիբանան անխափան պիտի շարունակէ կազմակերպել սուրիացիներու կամաւոր տունդարձը, ինչը 2018-ի Յուլիսէն յաջողապէս կ’իրականացնէ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ծառայութիւնը:






