Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ո՞ւր Են Մեր Արուեստագէտները (տեսերիզ)

Արաբ մեծահամբաւ արուեստագէտ Տորէտ Լահհամ (բեմի անունով ճանչցուած որպէս Ղաուար Ալ Թոշէ) ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած է երէկ՝ տարածելով տեսերիզ մը, ուր ան դառն երգիծանքով կը ծաղրէ ԱՄՆ Տոնալտ Թրամփի վերջին յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ սուրիական Ժուլան նահանգը Իսրայէլի պետութեան տարածքային  գերիշխանութեան կը պատկանի:

Ան տեսերիզին մէջ Թրամփի արարողութիւնը կապկելով, ամերիկեան աւանդական գլխարկով եւ Թրամփի ձեռագիրը որդեգրելով՝ կը ստորագրէ «փատաթուղթ» մը, որուն միջոցաւ Տորէտ Լահհամ ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիա նահանգը կը փոխանցէ Մեքսիքոյի պետութեան՝ աւարտին շեշտելով, որ իր այս արարքը նոյնքան օրինական է, որքան Թրամփի որոշումը (տեսերիզը դիտել կցուած QR գաղտնագիրին ընդմէջէն):

Անկախ Ժուլանի հարցին վերաբերող իմ անձնական կարծիքէն, թէ ո՛վ  որմէ առաջ Ժուլանը Իսրայէլին նուիրած է,– Թրա՞մփը, թէ՞ ինքնին սուրիական իշխանութիւնը,–  եւ թէ սուրիական իշխանութիւնը երէկ թէ այսօր քանի՞ փամփուշտ գործածած է վերագրաւելու կամ ազատագրելու Ժուլանը, փաստը կը մնայ փաստ, որ արաբ արուեստագէտը իր ոճով իր ուժգին խօսքը ըսած է վերոյիշեալ իրադարձութեան մասին՝ կանխելով շատերը, ներառեալ միջազգային ընտանիքը:

Այստեղ հարց մը կը ծագի մտքիս մէջ, սիրելի ընթերցող: Մինչ Տորէտ Լահհամ, ինչպէս քաղաքականացած արաբ այլ մտաւորական արուեստագէտ մը՝ Ատէլ Իմամ, ո՛չ մէկ անգամ անմասն մնացած են իրենց երկրին ու ժողովուրդին առնչուած ընկերային կամ քաղաքական խնդիրներէն, որոնց կապակցութեամբ քաջաբար արտայայտուած են իրենց բեմերէն՝ շատ յաճախ անցնելով ազգայինը եւ թեւակոխելով համամարդկային խնդիրներու հարթակը, ո՞ւր են հայրենի թէ սփիւռքահայ մեր արուեստագէտները, երբ մենք համահայկական շատ լուրջ հարցեր կը դիմակալենք հայրենի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններէն մինչեւ սփիւռքահայ վերջին հաստատութիւնն ու անոր ցաւալի իրավիճակը:

Աւելին, ո՞ւր էին այսպէս կոչուած յառաջդիմական կամ հայրենասէր (հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ) մեր արուեստագէտները (բացառութիւնները միշտ յարգելի են), երբ Սթալին պապիկը Լեռնային Ղարաբաղը ատենին օր ցերեկով նուիրեց Ազրպէյճանին: Ո՞ւր են անոնց աւանդին ժառանգորդները այսօր, երբ օր ցերեկով Աստուած գիտէ՝ ի՛նչ կ’եփի ստուերին մէջ նոյն Արցախին ճակատագրին վերաբերող: Ո՞ւր է մեր  «Տորէտ Լահհամը»: Արդեօ՞ք պէտք է իրաւ Տորէտ Լահհամին դիմել, որպէսզի ան իր դիրքէն արծարծէ նաեւ մեր հարցերը՝ ի հեճուկս եւ ի ամօթանք իր հայ պաշտօնակիցներուն:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին