Շաբաթ, 07. 03. 2026

spot_img

Շահումեանի Շրջանի Բազմազաւակ Ընտանիքներու Համար Բնակարաններ կը Կառուցուին

ԱՀ պետական պիւտճէի միջոցներով՝ Շահումեանի շրջանին մէջ՝ բազմազաւակ ընտանիքներու համար կը շարունակուին կառուցել բնակարաններ: Այս  մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ըսած է Շահումեանի շրջանի վարչակազմի քաղաքաշինութեան եւ ճարտարապետութեան բաժինի վարիչ Հրայր Ասրեան՝ նշելով, որ ծրագիրը խթան կը հանդիսանայ ծնելիութեան եւ բազմազաւակութեան աճին համար:

Ան տեղեկացուցած է, որ ներկայիս շրջանի Նոր Վերինշեն, Չարեքտար, Նոր Մանաշիդ, Նոր Էրքէջ, Նոր Խարխափուտ,  Ակնաբերդ համայնքներուն մէջ, բազմազաւակ 8 ընտանիքի համար կ՝իրականացուին բնակարաններու կառուցման աշխատանքներ:

«Վերոնշեալ համայնքներու բնակարաններու կառուցման աշխատանքներուն շուրջ 80%-ը աւարտման փուլի մէջ է: Ներկայիս կը կատարուին ներքին ու արտաքին յարդարման եւ տարածքներու  բարեկարգման աշխատանքներ: Բնակարանները նախատեսուած է շահագործման յանձնել ընթացիկ տարին»,- աւելցուցած է պատասխանատուն եւ նշած, որ 2000-2018 թուականներուն պետական պիւտճէի միջոցներով՝ շրջանին մէջ կառուցուած է շուրջ 49 բնակարան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին