Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Կառավարութիւնը Նոր Հնարաւորութիւններ Կը Ստեղծէ Հանրապետութեան Մէջ Տաւարաբուծութեան Եւ Պտղաբուծութեան Զարգացումին Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հերթական նիստը տեղի ունեցած է Մարտ 29-ին, որ վարած է ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը:

Ինչպէս յայտնեցին ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, նախքան օրակարգային հարցերու քննարկումը արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանը յայտնած է, որ բանակցութիւն կը վարեն Իրանի Կարմիր մահիկի միջազգային կազմակերպութեան հետ՝ Իրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ջրհեղեղէն տուժած մարդոց օժանդակելու համար: Նախարարը տեղեկացուցած է, որ կը նախատեսուի Իրան ուղարկել նաեւ մեքենաներ, սարքային միջոցներ եւ փրկարարներ:

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան ընդգծած է բարեկամ երկրին օգնութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը եւ յանձնարարած հնարաւորինս արագ կազմակերպել բոլոր անհրաժեշտ աշխատանքները այդ ուղղութեամբ: 

Այնուհետեւ գործադիրը հաստատած է ՀՀ-ի մէջ 2019-2024 թուականներուն տաւարաբուծութեան զարգացումի ծրագիրը, որ կը նպաստէ առկայ նախիրներու որակական բարեփոխումին, անոնց մէջ տոհմային եւ արտադրատնտեսական բարձր արժէք ունեցող կենդանիներու գլխաքանակի եւ կենդանական ծագումի արտադրանքի ծաւալներու յաւելումը: Ըստ այնմ տոհմային կենդանիներ ձեռք բերելու նպատակով կը նախատեսուի տրամադրել նպաստաւոր տոկոսադրոյքով վարկեր (առաւելագոյնը 12 տոկոս վարկի մինչեւ 10 տոկոսային կէտի նպաստաւորում)։  Ծրագիրը իրականացնելէ ետք, պետական աջակցութեամբ տաւարաբուծութեամբ զբաղող տնտեսավարողներուն հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի ձեռք բերելու շուրջ 10 հազար գլուխ տարբեր սեռահասակային խումբերու խոշոր եղջերաւոր տոհմային կենդանիներ: Հանրապետութեան մէջ տաւարաբուծութեան զարգացումը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու առկայ արօտավայրերը եւ խոտհարքները, ինչը կը նպաստէ գիւղական ազգաբնակչութեան եկամուտներու յաւելումին։
Ի միջի այլոց, նախատեսուած է նաեւ 2019-2023 թուականներուն տարեկան շուրջ 100 հեքթար այգիներ հիմնելու համար տրամադրուող վարկերու տոկոսադրոյքի նպաստաւորում եւ այգեհիմնումի համար կատարուած ծախսերու մասնակի փոխհատուցում։ Տնտեսավարողներուն վարկերը պիտի տրամադրուին 8 տարիով, տարեկան 2 տոկոսով, իսկ սահմանամերձ համայնքներու տնտեսվարողներուն կամ առնուազն 3 հա այգի հիմնողներուն` 0 տոկոս տոկոսադրոյքով, կամ շահառուին կը տրամադրուի ծախսերու մասնակի փոխհատուցում՝ ծախսերու 40 տոկոսի չափով, իսկ սահմանամերձ համայնքներու տնտեսվարողներուն՝ 50 տոկոսի չափով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին