Երկուշաբթի, 02. 03. 2026

spot_img

Պատերազմը Կը Յաղթեն Ոչ Միայն Զէնքով, Այլեւ Ոգիով, Սրտով Եւ Մտքով. Նախագահ Սարգսեան Հիւրընկալած Է Ապրիլեան Պատերազմի Մասնակիցներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Մարտ 29-ին հիւրընկալած է 2016-ին ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու մասնակից խումբ մը նախկին ժամկէտային զինծառայողներ, որոնք ստեղծած են «Ապրիլեան մարտական գործողութիւններու մասնակիցներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց՝ հայրենիքի հանդէպ իրենց պարտքը նուիրուածութեամբ եւ բարեխղճօրէն կատարելնուն համար՝ Հանրապետութեան նախագահը մասնաւորապէս ըսած է. «Կայ մի բացարձակ պարզ ճշմարտութիւն. այն, ինչ տեղի ունեցաւ այդ օրերին, մեր ողջ ժողովրդի ե՛ւ գիտակցութեան, ե՛ւ սրտի մէջ է: Ոչ ոք ոչինչ չի մոռացել եւ չի մոռանայ: Ձեր միութիւնը շատ արժէքաւոր է, քանի որ իրականում յաղթում են մարդիկ, ովքեր պատրաստ են»:

Հանրապետութեան նախագահը տղոց քաջութեան հետ մէկտեղ կարեւորած է իրենց փորձառութիւնը, որ մեծ արժէք ունի: «Պատերազմը յաղթում են ոչ միայն զէնքով, այլեւ ոգով, սրտով եւ մտքով,- ըսած է նախագահ Սարգսեան:Եթէ չկայ դրանցից որեւէ մէկը, թերի ես: Եթէ միայն սիրտն է, լինում ես հայրենասէր տղայ, որը կարող է դուրս թռչել եւ զոհուել: Եթէ միայն ուղեղ ունես, հնարաւոր է՝ ինչոր տեղ չկարողանաս ինչոր սահման անցնել, քանի որ տրամաբանութիւնը կասի՝ մի արա այս բանը: Բայց երբ երկուսը միասին են աշխատում, դա յաղթանակի բանալի է: Վստահ պէտք է լինէք, որ այն, ինչ արել էք, արել էք հայրենիքի համար, արել էք նաեւ ձեզ համար: Երբ ես երիտասարդ էի, ինձ ամենատպաւորած մտքերից մէկը Նապոլէոն Բոնապարտինն էր, որը ճակատամարտի մասին խօսելիս ասել էր՝ ես հաշուում եմ, ծրագրում եմ ճակատամարտը, բայց ծրագրում եմ բոլոր հնարաւոր սցենարները, որով ես կարող եմ պարտուել, այսինքն՝ ես չեմ ծրագրում յաղթել, բայց բացառում եմ անյաջողութիւնը»:

Ապրիլեան գործողութիւններու ժամանակ հայրենիքը իրենց կեանքով, առողջութեամբ ու խիզախութեամբ պաշտպանած տղաներու սխրանքը նախագահը հայրենասիրութեան օրինակ համարած է նոր սերունդին համար:

«Դուք անսպասելի, ձեր կամքից անկախ դժուար ճանապարհ էք անցել, ընկերներ էք կորցրել, եւ այսօր ձեզնից իւրաքանչիւրը բոլորովին այլ մարդ է, քան պատերազմից առաջ էր»,– ըսած է նախագահը: Ան միաժամանակ նշած է, որ իւրաքանչիւր զինուորի կեանքը մեծ արժէք ունի, եւ ամէն ինչ պէտք է ընել՝ դժբախտ դէպքերը բացառելու համար:

Ապրիլեան մարտական գործողութիւններու մասնակիցներու միութեան անդամները նշած են, որ իրենց նպատակն է համախմբել ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու մասնակից բոլոր ժամկէտային զինծառայողները, իրենց առաջնահերթ խնդիրը կը համարեն զոհուած ընկերներու ընտանիքներուն կողքին ըլլալն ու անոնց սատարելը: Արձագանգելով նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Նրանցից շատերի համար դուք իրենց տղաներն էք»:

Երիտասարդ հերոսները նաեւ նշած են, որ յառաջիկայ կարեւոր խնդիրներէն մէկը վիրաւորներուն օգնելն է: Նախագահ Սարգսեան պատմած է զինծառայութեան ընթացքին հաշմանդամութիւն ունեցած զինուորներու աջակցութեան ծրագիրին մասին՝ նշելով, որ անոնք վիրաւորուած են յանուն հայրենիքի, եւ պետութիւնը պէտք է գործով ցոյց տայ, որ կը գնահատէ այդ զոհողութիւնը եւ իր յորդորն է պետական ու մասնաւոր համակարգին մէջ ներգրաւել ծառայութեան ընթացքին կամ այդ պատճառով հաշմանդամութիւն ունեցած զինծառայողներուն: Ապրիլեան մարտական գործողութիւններու մասնակիցներու միութեան անդամները անդրադարձած են նաեւ միութեան համար տարածք ունենալու հարցին, ինչը կը նպաստէ իրենց կառոյցի լիարժէք գործունէութեան: Հանրապետութեան նախագահը խոստացած է աջակցիլ համապատասխան լուծում գտնելուն: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին