«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանան կը թերանայ տնտեսական էական բարեփոխումներ կատարելու յանձնառութեան մէջ, որոնք նախապայման են ստանալու միջազգային հանրութեան՝ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած CEDRE խորհրդաժողովին խոստացած դրամանպաստը: Այս մասին Պէյրութ կատարած այցին նշեց Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ուըրլտ Պանքի փոխնախագահ Ֆերիտ Պելհաժ:
«Տնտեսական բարեփոխումները, չնայած իրենց մեկնարկին, տակաւին սպասուած մակարդակին չեն հասած»,– Լիբանանի Հանրապետութեան ելեւմուտի նախարար Ալի Հասան Խալիլին ըսաւ Պելհաժ: Այս մասին կը տեղեկանանք ելեւմուտի նախարարի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Ան աւելցուց, որ խոստացուած բարեփոխումները կեանքի կոչելու մասնաւոր ժամկէտ չկայ, բայց «մենք հիմա այնպիսի փուլ թեւակոխած ենք, ուր ժամանակը շատ սուղ է, միւս կողմէ՝ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը շատ «դիւրաբեկ» է:






