Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Էտիրնէն եւ Հայ Համայնքը» Խորագիրով Ցուցահանդէս՝ Այժմեան Թուրքիոյ Էտիրնէ Քաղաքի Հրէական Սինակոկին Մէջ

Թուրքիոյ եւրոպական հատուածին վրայ՝ Թրակիոյ տարածքին, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի սահմանակից Էտիրնէ (պատմ.՝ Ատրիանապոլիս) քաղաքին մէջ, տեղի ունեցած է ցուցահանդէս՝ նուիրուած Էտիրնէի երբեմնի հայ համայնքին։

«Էտիրնէն եւ հայ համայնքը» խորագիրով ցուցահանդէսը բացուած է Էտիրնէի մէջ գործող հրէական Մեծ սինակոկին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ցուցահանդէսին համար, ուր ներկայացուած են լուսանկարներ եւ բացիկներ, հիմք ծառայած է ծագումով Էտիրնէէն հայ Առաքելեան ընտանիքի ժառանգներէն ֆրանսաբնակ Ռոյ Առաքելեանի՝ Էտիրնէի հայերուն վերաբերող աշխատութիւնը։

Ռաքէլ Մեշուլամի խնամակալութեամբ իրականացուող ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են Էտիրնէի ոստիկանապետ Ալի Քեմալ Քուրթը, Էտիրնէի Հիմնադրամներու շրջանային կառոյցի ղեկավար Օսման Կիւներէնը եւ Թուրքիոյ մէջ հրէայ համայնքի նախկին ղեկավարներէն Սիլվիօ Օվատիան։

Կազմակերպիչները ընդգծած են, որ սինակոկի մէջ կը փորձեն ներկայացնել ոչ միայն հրէական՝ այլ նաեւ Էտիրնէի բազմամշակոյթ անցեալին իրենց ուրոյն տեղը ունեցած այլ մշակոյթներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ։ Յատկանշական է, որ ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Ապրիլ 28 եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրն ալ՝ Ապրիլ 24-ին, բաց պիտի ըլլայ այցելուներուն համար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին