Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Լիբանան Կը Թերանայ Բարեփոխումներ Կատարելու Խոստումին Մէջ. Ուըրլտ Պանքի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանան կը թերանայ տնտեսական էական բարեփոխումներ կատարելու յանձնառութեան մէջ, որոնք նախապայման են ստանալու միջազգային հանրութեան՝ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած CEDRE խորհրդաժողովին խոստացած դրամանպաստը: Այս մասին Պէյրութ կատարած այցին նշեց Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ուըրլտ Պանքի փոխնախագահ Ֆերիտ Պելհաժ:
«Տնտեսական բարեփոխումները, չնայած իրենց մեկնարկին, տակաւին սպասուած մակարդակին չեն հասած»,– Լիբանանի Հանրապետութեան ելեւմուտի նախարար Ալի Հասան Խալիլին ըսաւ Պելհաժ: Այս մասին կը տեղեկանանք ելեւմուտի նախարարի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Ան աւելցուց, որ խոստացուած բարեփոխումները կեանքի կոչելու մասնաւոր ժամկէտ չկայ, բայց «մենք հիմա այնպիսի փուլ թեւակոխած ենք, ուր ժամանակը շատ սուղ է, միւս կողմէ՝ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը շատ «դիւրաբեկ» է:       

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին