ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Պոլսահայ միութեան ողնասիւներէն մէկը հանդիսացող, ցկեանս պատուոյ անդամ, անոր Մշակութային յանձնախումբի երկարամեայ ատենապետ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ միայն սէր ու բարութիւն քարոզած է ամբողջ կեանք մը համակ, Կիրակի, Մարտ 24-ի երեկոյեան, Միութեան կեդրոնին մէջ արժանացաւ նոյնքան ջերմ ու արդար գնահատանքի, մեծարանքի, իր 40-ամեայ ծառայութիւններուն եւ 50 տարիներու ներկայացուցած ազգային-հասարակական գործունէութիւններուն առիթով։
Ան ծնած է Կեսարիա, 1946-ին։ Շրջանաւարտ է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն։ Ուսանած է կենսաբանութիւն, վարած ուսուցչական պաշտօն մինչեւ 1977։ Ամուսնացած է դեղագործուհի Սեդա Գորգորի հետ եւ ընտանեօք հաստատուած Լոս Անճելըս, ուր եւ ստացած է համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւն։ Պոլսոյ թէ Լոս Անճելըսի մէջ եղած է աշխոյժ եւ գործունեայ անդամ մը հայ համայնքէն ներս։ Հիմնած է երգչախումբեր, «Ձայն» պարբերաթերթի հիմնադիր-խմբագիրն է, հիմնադիրներէն է Վէն Նայսի «Արարատ» չարթըր դպրոցին, 2010-էն իվեր միացած է Լոս Անճելըսի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Միացեալ մարմինին։ Յովհաննէս եւ Սեդա բախտաւորուած են որդիով մը՝ Մանուկ, որ նոյն համեստութեամբ կը շարունակէ իր հօր ծառայութիւնները ազգին եւ Հայաստան հայրենիքին։
***
Հրաւիրուած եւ ներկայ էին գաղութէս ներս գործող ազգային քաղաքական, հասարակական, մշակութային մարմինները, հոգեւոր հայրեր, քաղաքս գտնուող հայրենի մտաւորականներ՝ դոկտոր-փրոֆեսորներ Արծրուն Աւագեանն ու Սամուէլ Մուրադեանը, իսկ սրահը կը յորդէր պոլսահայերով, Գուլակը ճանչցող, յարգող, սիրող լոսանճելըսահայութեամբ։
Օրուան հանդիսավարի ծանր ու պատասխանատու պարտականութիւնը յանձնուած էր Պոլսահայ միութեան նուիրեալ մտաւորական այլ անձնաւորութեան մը՝ Տիկ. Ռոզալին Մատոյեանին, որ իր լրջութեամբ ու կատակներով շունչ տուաւ օրուան ծրագիրին։
Ելոյթ ունեցան մեծ թիւով հայրենակիցներ, որոնք փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը որպէս գործընկեր, բարեկամ, նախկին աշակերտ։ Եւ այսպէս, Իրանահայ միութեան կողմէ՝ Թոմիկ Ալեքսանեան, “The Armenian Observer”-ի խմբագիր՝ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Մէկի Մանկասարեան-Կոշին, ԵՊՀ-ի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դեկան՝ Դոկտ. Արծրուն Աւագեան, պատմաբան-ընկերաբան՝ Դոկտ. Թանէր Աքչամ, նախկին պոլսահայ, ֆրանսահայ, ներկայիս Հայաստան բնակող՝ Գուլակի նախկին աշակերտ Րաֆֆի Հերմոն Արաքս, մեծարեալին զաւակը՝ Մանուկ Աւետիքեան, Պոլսահայ միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ, իրաւաբան Էտվին Մինասեան, եւ վերջապէս՝ տպաւորիչ ելոյթով հանդէս եկաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Ընթերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի խօսքը։ Մեծարեալը պատուոգիրով եւ յուշանուէրով պատուեցին Տիկ. Մանկասարեան-Կոշին, «Հայրենիք» միութիւնը, Խաչատուրեան երգչախումբը, Իրանահայ եւ Իրաքահայ Ընտանեկան միութիւնները։ Յատուկ զարդասեղի արժանացաւ մեծարեալը՝ Պոլսահայ միութեան կողմէ, ձեռամբ ատենապետին՝ Պրն. Էտվին Մինասեանին։
Նոյնքան ճոխ էր գեղարուեստական յայտագիրը։ Քանոն նուագեցին եւ զուգերգ կատարեցին ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի նախկին սանուհիներ, ներկայիս UCLA-ի ուսանողուհիներ Լիլիա եւ Ալեքսանտրա Եարալեան քոյրերը՝ մագնիսացնելով սրահը, Տիկ. Աստղիկ Տատուրեան ինքնուրոյն ոճով ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը», «Համազգային»ի «Նայիրի» պարախումբէն աղջիկներ հանդէս եկան երկու պարով, իսկ փունջ մը հայերէն երգերով մթնոլորտ ստեղծեցին երգիչ Դաւիթ Սամուէլեանն ու ելեկտրական դաշնամուրով ընկերակցող Արամ Լէճէճեանը։
Շնորհակալական իր խօսքը արտասանեց Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան։
Աւարտին, հիւրասիրութեան մը շուրջ, ներկաները երկարօրէն կը յամենային շնորհաւորելով Տոքթ. Աւետիքեանը։
ՆՈՐ ՕՐ կը շնորհաւորէ մեծարեալը, որ հայ մամուլի, հայ մշակոյթի նուիրեալ մըն է, որ գիտէ քաջալերել իր շրջապատը, որպէսզի մօտիկ կանգնինք հայ դպրոցին, հայ գիրին ու մեր սրբազան լեռ Արարատին։
Մեր շնորհաւորութիւնները։
ՆՈՐ ՕՐ