Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Աշխարհի տարօրինակութիւններէն

Ամերիկեան նորաձեւութիւն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կարծէք բոլոր տեսակի նորաձեւութիւնները Միացեալ Նահանգներէն կը բխին։ Ահաւասիկ վերջերս նորութիւն մը հրապարակ իջած է Nordstrom որակաւոր վաճառատան կողմէ, որ բազմաթիւ վաճառատուներ ունի Ամերիկայի մէկ ափէն միւսը։

Հիմա պիտի զարմանաք, երբ ըսեմ թէ ի՞նչ է այդ նորութիւնը։ Արդարեւ, անոնք ծախու հանած են Jeans տեսակի տաբատներ՝ որոնք ունին ծունկի պատուհաններ… (Տեսնել նկարը)։

Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ, որ այդ պատուհանները plastic-է շինուած են։ Բայց ես չհասկցայ թէ ինչ է միտք բանին ծունկերու վրայ զետեղուած այդ պատուհաններուն։ Մարդիկ կրնան այդ տաբատը հագնողին ծունկերը տեսնել, է՜հ “Big deal” պիտի ըսէր ամերիկացին։

Իսկ ինչ է գինը այդ նորելուկ տաբատներուն։ Անոնք կ՚արժեն միայն ու միայն 95 տոլար։

Շատ կը ներէք համարձակութեանս, սակայն չարամտութիւնը ակամայ զիս կը մղէ մտածելու, թէ արդեօ՞ք յաջորդ նորաձեւութեան տաբատները հրապարակ պիտի իջնեն, ուր այդ պատուհանները զետեղուած պիտի տեսնենք ծունկերէն աւելի վեր՝ զիստերը մարմինին միացման մասին վրայ…

Մենք սովոր էինք տեսնել դեռատի աղջիկներ, որոնք կը հագնէին Jeans տեսակի պատռտած տաբատներ։ Անոնք հիմա կարծես դադրած են նորութիւն ըլլալէ, որովհետեւ վերոյիշեալ տեսակի ծունկերու վրայ պատուհաններով տաբատները սկսան երեւան գալ եւ շուտով անոնք պիտի ընդհանրանան Ամերիկայի տարածքին եւ շատ հաւանաբար ալ Ատլանտեան եւ Խաղաղական ովկիանոսներէն անդին…

 

Անգլիական նախաձեռնութիւն

Շատ լաւ գիտենք թէ հռչակաւոր Թայթէնիք (Titanic) զբօսանաւը ընկղմեցաւ՝ սառնալեռի մը զարնուելով 15 Ապրիլ 1912-ին։ Ան իր անդրանիկ ճամբորդութիւնը կը կատարէր Անգլիոյ Սաութհէմփթըն քաղաքէն դէպի Նիւ Եորք։

Տխրահռչակ այդ դէպքը՝ որուն զոհ գացին աւելի քան 1,500 ճամբորդներ, պատահեցաւ ճամբորդութեան չորրորդ օրը, Քանատայի Newfoundland ծովեզերեայ քաղաքի ափին։

Հիմա, անգլիական ճամբորդական ընկերութիւն մը կազմակերպած է  շրջապտոյտ մը՝ խուզարկելու Ատլանտեան ովկիանոսի յատակը գտնուող ընկղմած նաւուն (տեսնել նկարը) հետքերը…

Շրջապտոյտը պիտի սկսի Լոնտոնէն եւ առաջին հանգրուանը պիտի հանդիսանայ Newfoundland քաղաքը։ Հոնկէ, ուղղաթիռ օդանաւ մը (helicopter)  ճամբորդները պիտի փոխադրէ ընկղմած նաւուն մօտերը զետեղուած զբօսանաւի մը վրայ, ուրկէ ընթացք պիտի առնէ հետախուզական արշաւը։

Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ իւրաքանչիւր շրջապտոյտին կրնան մասնակցիլ միայն ինը անձեր, որոնք ովկիանոսին յատակը չսուզուած՝ պէտք է հետեւին դասընթացքի մը, ծանօթանալու միջավայրին եւ սուզուելու պայմաններուն։ Այս մէկը ապահովութեան եւ հանգստաւէտ վիճակով առաքելութիւը յաջողցնելու համար է, որ կ՚ընդգրկէ սուզուիլ 13,000 ոտք։

Իսկ ի՞նչ կ՚արժէ ութնօրեայ այս շրջապտոյտը։ Պարզապէս 105,129 տոլար։ Բայց ինչպէ՞ս որոշուած է այս սակը, հիմա պիտի հարցնէք։ Ուրեմն, այդ կը ներկայացնէ 1912-ին առաջին կարգով Թայթանիքի վրայ ճամբորդելու սակագինը։ Սա ուրեմն լոկ զգացական բնոյթ կը կրէ, երբ մարդիկ նոյն գինը պիտի վճարեն՝ տեսնելու համար ընկղմած նաւուն աւերակները։

Կ՚արժէ նշել թէ եզակի այս ճամբորդութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ Մայիս ամսուան ընթացքին. մենք անոնց ի սրտէ կը մաղթենք բարի եւ ապահով ճանապարհ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին