«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ գնահատեց ԱՄՆ-ի գործընկերոջը՝ Մայք Փոմփէոյի՝ ԱՄՆ խորհրդարանական լսումի ժամանակ կատարած մեկնաբանութիւնները սուրիացի գաղթականութեան հայրենադարձութեան խնդրին շուրջ:
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի ենթայանձնաժողովներէն մէկուն խորհրդարանական լսումին Փոմփէօ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականութեան ներկայութիւնը որակեց որպէս «բեռ» եւ «վտանգ» թէ՛ Լիբանանին, թէ երկրի ժողովրդավարական կարգերուն»:
ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ պետական գերատեսչութիւնը արաբ եւ արեւմտեան գործընկերներուն հետ այժմ կը քննարկէ, թէ Սուրիոյ մէջ ինչպիսի՛ պայմաններ պէտք է ստեղծուին՝ խթանելու գաղթականութեան տունդարձը: