ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցնող շաբաթ Լոս Անճելըս կը գտնուէին Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի երկար տարիներու դեկան Փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեանը, նոյն համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դեկան Փրոֆ. Արծրուն Աւագեանը եւ ԵՊՀ-ի Հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Սամուէլ Մուրադեանը։
Հաճելի զուգադիպութեամբ, Լոս Անճելըս իր կատարած առաջին այցելութեամբ այստեղ էր նաեւ պոլսահայ-ֆրանսահայ լրագրող Րաֆֆի Հերմոն Արաքսը, որուն գրութիւնները տարիներ շարունակ զարդարած են «Նոր Օր»-ի եւ հայրենի ու սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու ճակատներ։ Ներկայիս ան բնակի Երեւանի մէջ, օժանդակելով հայ-եւրոպական կապերու ամրապնդումին։
Երկուշաբթի, Մարտ 25-ի երեկոյեան, հայրենիքէն ժամանած մեր հիւրերուն հետ ջերմ եւ մտերմիկ հանդիպում տեղի ունեցաւ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի «Հերոսներու» սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ «Նոր Օր»ի վարչական եւ խմբագրական կազմերուն, ներկայութեամբ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի միութենական ներկայացուցիչներու, «Նոր Օր»-ի աշխատակիցներու։
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի բացման խօսքէն ետք, ներկաները հակիրճ խօսքերով ողջունեցին հիւր մտաւորականները։ Փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեանի «Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներ» հիմնադրամին անդրադարձան Տոքթ. Պալեանն ու հիւրերը, մեծապէս արժեւորելով Գուրգէն Մելիքեանի գլխաւորութեամբ կատարուող ծառատունկի աշխատանքները Հայաստանի սահմանակից Արցախի Քաշաթաղի մարզին մէջ։
Ապա, ներկաներուն հարցումներուն պատասխանելով, հիւր դասախօսները իրենց ելոյթներով գրական գոհարներով յագեցուցին մթնոլորտը։ Թումանեան, Թէքէեան, Չարենց եւ Շիրազ «միացած էին» մեզի այդ երեկոյ։ Խօսք եղաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի կրթական կեանքին ներկային, ինչպէս նաեւ հայրենիքի այսօրուան ընկերային եւ հասարակական կեանքին մասին։
Աւարտին, հիւր դասախօսները շնորհակալութիւն յայտնելով անցնող տասնօրեայ հրաւէրին համար, արուեստի գործ պատի ժամացոյց մը նուիրեցին ՌԱԿ-ի գրասենեակին։
Բարի եւ ապահով վերադարձ կը մաղթենք մեր հիւրերուն, իսկ մայր հայրենիքին՝ կայունութիւն եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդում։