Բ.- Հայկական հեռուստակայաններու խօսնակները
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ա.- Իզուր չէ, որ ըսեր են՝ ժամանակը ոսկի է։ Դրամատիրական աշխարհի մէջ այս պատկերաւոր խօսքի կիրառութիւնը շա՜տ աւելի ընդարձակ է։ Ժամանակ կոչուած վերացականութիւնը եկամուտի աղբիւր է։ Ասոր լաւագոյն օրինակներէն մէկն է բազմազան ու բազմաբղէտ ծանուցումներու հրմշտոցը բազմաթիւ հեռուստակայաններու յայտագիրներու ընթացքին։
Ժամանակը դրամի վերածելու հեռուստաընկերութեանց (սեփական) արդիւնաբերութիւնը (industry) ո՛չ մէկ ակնթարթ կը կորսնցնէ ծանուցում խցկելու, որովհետեւ ծանուցումը իրեն համար եկամուտի աղբիւր է։ Երբոր հարց կու տանք մեզի ծանօթ,– մեր պարագային,– հայկական հեռուստակայան բանեցնող գործադիր պաշտօնեաներուն եւ սեփականատէրերուն, պատասխանը(ները) կ՚ըլլան միանշանակ. «Դրամագլուխ ներդրած եմ, մասնագէտները պիտի վճարուին, ունիմ այլազան ծախսեր եւ ինծի համար եկամուտի աղբիւր մըն է ի վերջոյ»։
Հասկնալի է՝ ինչպէս որ գործարար աշխարհի մէջ կ՚ընեն, շուկային մէջ դրամի ներդրումներ կ՚իրականացնեն, բաժնետոմսեր կը գնեն, որպէսզի եկամուտներ ապահովեն, այդպէս ալ կը մօտենան զանգուածային մամուլին ու հաղորդումներուն։
Լուրջ առարկութիւներ չունիմ այս առնչութեամբ՝ մարդը իր գործարարութիւնը պիտի ընէ։ Բայց ի՛նչ ըսել, երբ դրամ շահելու մոլուցքը այնպիսի ծայրայեղութիւններու կը հասցուի, որ երբեմն բնագրի բովանդակութեան ետեւէն չկարենալ հասնելու պատճառով քովինիդ հարց կու տաս՝ ի՞նչ ըսաւ…
Լուրջ հեռուստաընկերութիւններ, ինչպէս BBC-ն, հանրային կայանները (public stations and radio), RT-ն, France 24-ը եւ այլ հեռուստատեսային կայաններ, չափազանց լուրջի կ՚առնեն խօսքը կամ բնագիրը ունկնդիրին հասցնելու առաքելութիւնը։
Մեր հայաստանեան եւ սփիւռքեան կարգ մը ընկերութիւններ նոյնպէս կը թելադրեն խօսնակներուն, որպէսզի արագ խօսին, երբեմն առանց իսկ շունչ քաշելու առիթ տալու։
Հանգուցեալ մայրս պիտի ըսէր. «Բան չհասկցայ, մոթորի պէս կը խօսին…»։
Փորձ մը կատարենք եւ դուք կը համոզուիք։
«Այսօր Հանրապետութեան տարածքին տեղումներ չեն սպասւում։ Կէսօրից յետոյ սակայն կարելի է սպասել թեթեւ անձրեւի»։ Այս նախադասութիւնները արտասանեցէք 5 երկվայրկեանի մէջ եւ դուք կը տեսնէք, թէ բոլոր բառերը յստակօրէն ընկալելի դարձան։ Այժմ նոյնը արտասանեցէք 3 եւ 2 երկվայրկեաններու ընթացքին, տեսէք թէ ինչ կը ստացուի։ Է՜հ, բարեկամներ, եթէ ձեր խօսնակներու բնագիրներու ընթերցումը ընկալելի պիտի չըլլայ, ինչո՞ւ կը խաղաք ժամանակի գործօնի վրայ։ Շատ յաճախ կարեւոր նիւթի մը մասին հաղորդումներ կը տրուի, Աստուա՜ծ իմ, այնքան արագ կը խօսին, որ ակամայից կ՚ուզէիր ձայնագրել եւ հաղորդուած տեղեկութիւնը լսել աւելի դանդաղ արագութեան վրայ։
Փաստ է, որ հայկական հեռուստակայաններու հետեւողները միջին եւ աւելի բարձր տարիքի հայրենակիցներ են, որոնք կը նախընտրեն հին՝ դասական միջոցը, այսինքն իրենց պէտք եղած լուրերը ստանալ տպագիր մամուլով եւ կամ հետեւելով կայաններու դասական հաղորդումներուն։ Անոնք, նոյնիսկ եթէ գէշ-աղէկ կրնան համացանցէն օգտուիլ, այնուամենայնիւ նախընտրելի կը նկատեն շարունակել աւանդական ձեւը։
***
բ.- Ուրիշ երեւոյթ մըն է նաեւ այն պարագան, երբ հարցազրոյցի հրաւիրողները իրենց հարցումը ուղղելէն ետք իրենք կը սկսին պատասխանել, իսկ երբ առիթ տրուի, որ հարցազրոյցի կանչուածը բերանը բանայ՝ կը միջամտեն, կ՚ընդմիջեն, լրացուցիչ հարցումներ կ՚ուղղեն, միաժամանակ կը խօսին՝ առանց ուշադրութիւն դարձնելու որ հիւրը հազիւ սկսած է պատասխանել կամ իր մեկնաբանութիւնները տալ, ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ ԷՐ ԻՆՔ։ Է՛հ, եղա՞ւ։ Ո՞ր մէկուն հետեւիլ, եթէ հնարաւոր է՝ հարցազրոյցը վարողի՞ն թէ՞ հիւրին։ Կը ջղայնանաս, կը զայրանաս ու քիթիդ տակէն բաներ մը մրթմրթալով ստիպուած կ՚ըլլաս փոխել կայանը, իսկ եթէ մի քանի անգամ կրկնուի այս անգործնական ու ապաշնորհ հարցազրոյցի այպանելի ոճը, պաստառին վրայ «անշնորհք» հաղորդավարը տեսնելուդ պէս կը շրջանցես անոր ալիքը։ Է՛հ, եղա՞ւ ասիկա։
Ես, զոհը չերթալու համար զիս հարցազրոյցի հրաւիրած խօսնակին «հիւանդութեան», այո՛, նաեւ երբեմն անոր շատախօսութեան, սկիզբէն կը պայմանաւորուիմ ըսելով. «Պիտի խնդրեմ, որ չմիջամտէք զիս որքան որ հնարաւոր է, ձգեցէք որ ըսելիքս ըսեմ ու աւարտեմ»։ Անգամ մը ինծի հետ պատահեցաւ նաեւ այսպիսի տհաճ դէպք մը, երբ ի դիմաց հազարաւոր հետեւողներու, ըսի. «Կը ներէք, թոյլ տուէք հոս վերջացնել այս հարցազրոյցը»։
Այդ եւ անոր յաջորդող օրերուն եղան դէպքեր, երբ մեր հարցազրոյցին հետեւողներէն ոմանք ուղղակի մօտենալով ինծի՝ ըսին. «Բերնին դասը լաւ տուիր…»։
(Շարունակելի)