«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարտ 29-ին Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ sputnik.armenia-ն“ այդ մասին յայտնած է Վիեննայի մէջ դիւանագիտական աղբիւրը աւելցնելով, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ: