Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Մտամոլոր Մայրը…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Սէուտական Արաբիայէն։ Սէուտական օդանաւ մը ճամբայ կ,ելլէ Ճետտէյէն դէպի Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուատալամբուր։ Բայց հազիւ մի քանի վայրկեան օդին մէջ, երբ կը սաւառնէր, յանկարծ օդաչուն կը տեղեկացնէ օդակայանի պատկան մարմիններուն, որ կ’ուզէ վերադառնալ: Ինչո՞ւ՝ հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։

Վերոյիշեալ օդանաւը, երբ ճամբայ կ’ելլէ, իր տեղը հանգիստ կերպով տեղաւորուած մայր մը յանկարծ կ՛անդրադառնայ, որ իր երեխան հետը չէ։ Բնականաբար իրար կ’անցնի եւ օդաչուէն կը պահանջէ, որ շուտով վերադառնայ օդակայան՝ իր զաւակը առնելու։

Օդաչուն, շուարած այս անել կացութենէն, օդակայանէն կը խնդրէ արտօնութիւն, որ վերադառնայ։ Բարեբախտաբար արտօնութիւնը չ’ուշանար, եւ մեր օդաչուն վայրէջք կը կատարէ եւ կը փրկէ մտամոլոր մօր ոդիսականը։ Հոս պէտք է յիշել, որ մօր եւ զաւկին ինքնութիւնը չէ բացայայտուած՝ հասկնալի պատճառներով։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ անպատասխանատու մօր մը այս դէպքը եզակի չէ իր տեսակին մէջ։ Արդարեւ, 2018-ի Հոկտեմբեր ամսուան մէջ Գերմանիոյ Շթութկարթ քաղաքի օդակայանը 5 տարեկան աղջնակ մը ձգուած էր առանձին…

Բաւական ժամանակ ետք մայրը օդակայանի ոստիկանութեան կը հեռաձայնէ՝ գիտնալու համար, թէ աղջիկը դեռ հո՞ն էր։ Երբ ան վերահասու կը դառնայ իրականութեան, դրական պատասխան ստանալով՝ կը բացատրէ, թէ ինք եւ ամուսինը առանձին ինքնաշարժներով վերադարձած էին տուն։ Ուրեմն, կինը կարծած էր, թէ աղջիկը ամուսինին հետն էր, իսկ ամուսինն ալ կարծած էր, թէ աղջիկը կնոջ հետն էր եւ ահա առեղծուածին լուծումը: Բնական թիւրիմացութիւն մը, չէ՞։

Ըստ իմ համեստ կարծիքիս՝ ինչ որ ալ ըլլան «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց»-ը, աններելի է ծնողի մը անհոգութիւնը կամ անտարբերութիւնը՝ հանդէպ իր անմեղ եւ անօգնական երեխային։ Կորուստը՝ մահ կամ առեւանգում, մէկ անգամ կը պատահի, եւ այդ պարագային զղջումը կ’ըլլայ թէ՛ քիչ մը ուշ եւ թէ՛ ալ անիմաստ ու վե՛րջ։

Ծնող մը պէտք է ամէն վայրկեան ըլլայ հոգածու իր զաւակներուն նկատմամբ, մինչեւ որ անոնք մեծնան եւ դսռնան ինքնաբաւ ու պատասխանատու անձեր մարդկային մեր ընկերութեան մէջ։ Սա ալ թող ըլլայ այսօրուան մեր բարոյախօսութիւնը։ Շնորհակալութիւն՝ ընթերցումին համար:  

Արտասովոր Խոզը…

Խոզը՝ որպէս անասուն, շատ սիրուած չէ, որովհետեւ աղտոտ է եւ տգեղ։ Հրեաներն ու արաբները խոզի միս չեն ուտեր, որովհետեւ կը հաւատան, որ խոզը հիւանդութեանց աղբիւր է…

Բայց հիմա գանք մեր բուն պատմութեան, որ մեզի կու գայ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութենէն։ Կենդանիներու բարեկամ ընկերութիւն մը նորածին խոզ մը կ’ազատէ սպանդանոցէն եւ կը տեղաւորէ զայն կենդանիներու ապաստարանի մը մէջ, որ կը գտնուի այդ երկրի արեմտեան ափի Franschhoek քաղաքը։

Կենդանիներու այդ ապաստարանի տնօրէնուհին՝ Ժոան Լեֆսըն, կը նկատէ, որ յիշեալ խոզի հետաքրքրութիւնը կեդրոնացած է նկարչական վրձիններու վրայ։ Ուստի անոր կը հայթայթէ մի քանի տուփ ներկ, տասնեակ մը վրձիններ եւ մի քանի պաստառ, ու ահա մեր խոզը կ’անցնի աշխատանքի (տես նկարը)։

Առ այդ, մեր խոզը կը կոչուի Ms. Pigcasso, որովհետեւ իր ստեղծագործութիւնները կը համարուին վերացական արուեստի (abstract) ժանրի գործեր, յար եւ նման աշխարհահռչակ նկարիչ Փիքասոյի։ Հետաքրքրական է գիտնալ, որ իր նկարչական արտադրութիւնները ծախուած են մինչեւ 4,000 տոլարի…

Աւելին, կենդանիներու ապաստարանի տնօրէնուհին համաձայնութիւն մը կնքած է զուիցերական «Swatch» ժամագործական ընկերութեան հետ, ըստ որուն՝  վերոյիշեալ խոզի նկարչական մէկ արտադրութիւնը «Flying Pig by Ms. Pigcasso» (տես նկարը) անունով պիտի կազմէ ժամացոյցի մը ապակին եւ ծախուի 120 տոլարի։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ մեր խոզին արտադրած նկարներու եւ վերոյիշեալ ժամացոյցներու առուծախէն գոյացած գումարները պիտի յատկացուին ապաստարանները բնակութիւն հաստատած կենդանիներու բարեկեցութեան (welfare) համար։

Հիմա մեր նիւթին հետ կապակցութիւն ունեցող նկար մըն ալ պիտի առաքեմ, որ մեզի կու գայ Թայլանտէն, ուր փիղերն ալ կը զբաղին նկարչութեսմբ։ Արդեօք կապիկներն ալ, որմէ, ըստ կարգ մը գիտնականներու, սերած են մարդիկ, կը զբաղի՞ն նկարչութեամբ…

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին