Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ԱՄՆ Պատրաստ Է Նոր Պատժամիջոցներ Կիրարկել Հզպալլայի Դէմ, Եթէ Անհրաժեշտ Ըլլայ. Փոմփէօ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «MTV» լիբանանեան հեռուստակայանին հետ հարցազրոյցի ժամանակ նշեց, որ ԱՄՆ պատրաստ է դիմելու առկայ «խաղաղաւէտ միջոցներուն», ներառեալ պատժամիջոցներու՝ Լիբանանի մէջ Հզպալլայի ազդեցութեան ծիրը սահմանափակելու նպատակով:
«Արդեօք Ուաշինկթըն մտադի՞ր է ընդլայնել պատժամիջոցները, ներառեալ Հզպալլայի հետ մօտիկ յարաբերութիւն ունեցող լիբանանցի քաղաքական գործիչներու դէմ» հարցին ի պատասխան ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ. «Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ լիբանանցի մեր գործընկերներուն կողքին, որպէսզի ստանանք ճիշդ ու սպասուած արդիւնքները: Եթէ այդ մէկը կը ներառէ որոշակի անհատներու դէմ պատժամիջոցներու կիրառումը, ապա մենք պատրաստենք դիմելու այդ քայլին»,- ըսաւ Փոմփէօ:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին