Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Երեւանի «Վերնատուն» Գրական Ակումբին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արամ Սեփեթճեանին Նուիրուած Միջոցառում (լուսանկարներ, տեսերիզ)

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 26 –

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Երեւանի «Վերնատուն» գրական ակումբին մէջ Մարտ 17-ին տեղի ունեցաւ միջոցառում մը, որ նուիրուած էր արդի սփիւռքահայ գրողներէն Արամ Սեփեթճեանին։ Միջոցառումին տեղի ունեցաւ Արամ Սեփեթճեանի «Գրական հանդիպումներ» ժողովածուի քննարկումը, ընթերցեցին հատուածներ ժողովածուէն։

Միջոցառումին բացումը կատարեց գրականագէտ Աբգար Ափինեանը։ Ան իր խօսքին մէջ նախ խօսեցաւ Վերնատան ստեղծման նպատակներուն մասին։ Ըստ Ափինեանի՝ հասարակական կեանքի բոլոր տարիները ցոյց տուած են, որ կարիք կայ մտաւորական համախմբումի: Մտաւորականները իբրեւ տեսիլք, գաղափար ունենալով նոր Հայաստանի կերպարը՝ կրնան շատ մեծ ձեռնարկներ իրականացնել, եւ Վերնատունը այդ կոչումը ունի։

«Միասին գործենք, մեր ազգային մշակոյթի խոշոր երեւոյթները գնահատենք ու փորձենք ստեղծել դաշտ մը, ուր նոր տաղանդներ կը յայտնուին ու նոր ծիլեր կ’ըլլան։ Սա այն երազն է, որ կը միաւորէ մեզ ու Յովհաննէս Թումանեանի Վերնատունը, որ աւելի քան 100 տարի առաջ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուեցաւ: Մենք պէտք է փորձենք գոնէ անոր աշխատանքին մի քանի ուղիները շարունակել։ Վերնատան կոչումն է, որ նախ եւ առաջ բոլորս երթանք դէպի գիրքը, մեզ հռչակենք ընթերցող։ Մենք բոլորս համախմբուած կը լրացնենք ընթերցողներուն շարքը։ Ես ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ այս ընթացքին միասին կարողացանք գործել։ Դուք Վերնատուն կու գաք մեր միջոցառումներուն, ոտքի վրայ կանգնած կ’ըլլաք: Ես շնորհակալ եմ, որ դուք շէնցուցիք այս օճախը»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ Ափինեան։ Ան ներկաներուն պատմեց, որ Կոնտ թաղամասի հին բնակիչներու վկայութեան համաձայն՝ այն տունը, ուր հիմա կը գործէ իրենց Վերնատուն գրական ակումբը, ժամանակին Յովհաննէս Թումանեանը եղած է, եւ պատահական չէ, որ նոյն այս տունը վերակերտուած է Վերնատունը։

Ափինեանը ներկաներէն խնդրեց ամէն օր բան մը ընել հայ գրականութեան համար, միասնական ըլլալ նոյնիսկ համացանցի վրայ, անկախ քաղաքական հայեացքներէ՝ ըլլալ համախմբուած ու միակարծիք։ «Մենք՝ իբրեւ գրասէր հանրութիւն, մէկ միասնականութիւն պէտք է հանդէս բերենք։ Մենք պէտք է ունենանք մէկ միասնական գաղափարախօսութիւն։ Այսօր շատերը կը խուսափին քաղաքական հարցերէ, բայց վերնականները՝ ոչ, չեն վախնար։ Եթէ հայ մարդը իբրեւ երազ հռչակէ Հայաստանի զարգացումը, ապա իրեն հետ կ’արժէ քաղաքական խնդիրներու մասին խօսիլ, ուրիշ նպատակ մենք չենք հետապնդեր։ Արդեօք կարելի՞ է միասնականութիւն հայութեան միջեւ. վերնականները կ’ըսեն՝ այո, կարելի է»,- շետեց բանախօսը։

Խօսելով Վերնատան սկզբունքներուն մասին՝ Ափինեան նշեց, որ առաջին տեղը հաւատարմութիւնն է հայ գրականութեան դասական աւանդոյթներուն հանդէպ։ «Ես անձամբ ըլլալով արտասահմանեան գրականութեան մասնագէտ, կը պնդեմ, որ հայ գրողին ոտքերը պէտք է ըլլան հայոց հայրենական հողին վրայ։ Հայ գրողը պէտք է սնունդ քաղէ հայ հողէն»,- ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Վերնատան անդամներէն կը պահանջուի աշխատասիրութիւն, ամէնօրեայ աշխատանք գիրքի հետ, գրասիրութիւն, քանի որ հոն է Հայաստանի ապագան։

Նախաբանէն ետք անցում կատարուեցաւ արդի սփիւռքահայ գրող Արամ Սեփեթճեանին ու «Գրական հանդիպումներ» ժողովածուին։ Այս տարի լրացած է գրողի 85-ամեակը, ինչը առիթ եղած է Վերնատունը կազմակերպելու գրողի ժողովածուի գրական ընթերցումները։

«Գրական հանդիպումներ» ժողովածուն բացառիկ է։ Ակնարկներու համահաւաք գիրք է, ինչը շատ կարեւոր է մեր դպրոցներուն համար: Այստեղ անուններ կան, որոնք դպրոցական ծրագիրով մեր աշակերտները կ’անցնին։ Ես յիշեցնեմ, թէ այս ժողովածուն որո՛ւ եւ ինչի՛ մասին է։ Այստեղ կրնաք կարդալ զրոյց Վահան Թէքէեանի քերթողութեան հետ, այստեղ իրանահայ բանաստեղծ Դեւն է, այստեղ կայ ակնարկ մը Պարոյր Սեւակի մասին, արդի գրականութեան առաջին դէմքերէն մէկուն Արմէն Մարտիրոսեանի մասին գրած է, այստեղ է Շահան Շահնուրը, այստեղ է Երուանդ Օտեանը իր ընկեր Փանջունիով, Աւետիք Իսահակեանի գեղարուեստական մտածողութիւնը կ’ուզէ քննել Արամ Սեփեթճեանը, այստեղ է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, երբ ան Անթիլիաս էր եւ այլն»,- ներկայացուց Ափինեանը։

Ըստ իրեն՝ Արամ Սեփեթճեանը եռանդուն, աշխոյժ գրական գործիչ է, Հայաստանի գրական կեանքի լաւագոյն մասնակիցներէն է։ Ափինեանը բոլորին անունով շնորհաւորեց Սեփեթճեանը 85-ամեակին առիթով ու խօսքը փոխանցեց գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ, ՀՀ գրողներու միութեան ամենատարեց անդամ Արամ Սեփեթճեանի մօտիկ ընկեր Թորոս Թորանեանին, որ նոյնպէս խօսեցաւ Արամ Սեփեթճեանի մասին։

«Ես Արամ Սեփեթճեանի ամբողջ կեանքին ծանօթ եմ, գերդաստանին ծանօթ եմ, գրականութեան ծանօթ եմ։ Արամ Սեփեթճեանը մեր գրականութեան բերաւ սեւամորթներու կեանքէն քաղուած պատմութիւններ։ Ան վիպակ մը գրեց, որուն անունը կոչեց «Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ»։ Այս վիպակը իմ մտքիս մէջ է։ Դուք գիրքէն անուններ նշեցիք, այդ բոլոր անուններուն անձնապէս ծանօթ եմ։ Ես աշխարհը շրջած եմ՝ շնորհիւ Սովետական Հայաստանի։ Ես այստեղ ուսանող եղած եմ ու գրողներու միութեան անդամ 1968 թուականէն, ամենատարեց անդամն եմ՝ 92 տարեկան»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ Թորոս Թորանեանը, ապա սկսաւ պատմութիւններ պատմել իր կեանքէն եւ գրական ուղիէն:

Միջոցառումին Վերնատան անդամներէն մէկը ընթերցեց Արամ Սեփեթճեանի գիրքէն հատուածներ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին