«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճեյ Քասփրչիքը:
Ինչպէս կը հաղորդեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումի բանակցային գործընթացին առնչուող հարցեր: Կողմերը կարեւորած են փոխվստահութեան եւ խաղաղ գործընթացի համար անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորումին ուղղուած քայլերու իրականացումը: