Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Նկատի ունենալով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոս 2019-ը «Հայ մամուլի տարի» հռչակած է, անսալով վեհափառ հայրապետի կոչին, Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանը կարգ մը նախաձեռնութիւններ ծրագրած է, որոնք օրը օրին պիտի հաղորդէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Առաջին հանգրուանին, կը հրաւիրենք լիբանանահայ տպագիր եւ ելեքտրոնային մամուլի հին եւ նոր բոլոր սպասաւորները եւ լիբանանահայութիւնը ուրբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցելու Մեծ պահքի հսկումի ժամերգութեան, որուն աւարտին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի «վասն համայն ննջեցեալ մշակացն լիբանանահայ մամլոյ» եւ այս առթիւ պիտի լսենք Առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը։

 Առաւել, 2019-ի ընթացքին, յատուկ ձեռնարկով, Առաջնորդ սրբազան հայրը «Գիր օրհնութեան» պիտի շնորհէ լիբանանահայ մամուլի բոլոր սպասաւորներուն։ Առ այդ, որպէսզի որեւէ անձ մոռացութեան չմատնուի, կը խնդրենք հայ մամուլի հին եւ նոր խմբագիրներէն եւ աշխատակիցներէն, որ մինչեւ 31 մայիս Առաջնորդ սրբազան հօր ուղղուած նամակով փոխանցեն հայ մամուլի լիբանանաբնակ սպասաւորներուն անուն մականունը, ամբողջական հասցէն (հեռախօս եւ ե-նամակ ներառեալ) եւ աշխատակցած մամուլին անունը, որպէսզի մեզի հասած ցանկին համաձայն օրին «Գիր օրհնութեան»-ը յանձնուի։

Դիւան Ազգային առաջնորդարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին