ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ՝ ԱՆԴԻ՜Ն, ՍՓԻՒՌՔԷՆ՝ ԱՍԴԻ՛Ն
ՉԱՓԱՆՇԱՅԻՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՌԱԿ-ի Լիբանանի օրկան «Զարթօնք» օրաթերթի նախկին խմբագիր, հրապարակագիր-մանկավարժ Պարոյր Աղպաշեանի գրութիւնները միշտ ալ թիրախաւորած են սփիւռքեան թէ հայրենի մեր իրականութիւնները, առողջ գնահատականներով եւ սուր դատումներով։ Յապաղումով լոյս տեսնող այս յօդուածը կը պահէ իր թարմութիւնը, անկախ անկէ, թէ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքները պիտի կառավարուին ուղղակի վարչապետին տակ գործող մարմինով մը։
ՆՈՐ ՕՐ
Հայաստանը, իր նոր կարգուսարքով, պետական աւագանիով, վերամշակելի ծրագիրներով ու զանոնք գործադրելու հեռանկարով, անտարակոյս, կը գտնուի բոլորովին տարբեր գոյավիճակներու առջեւ, որոնք կը կարօտին լուրջ, առարկայական եւ իրապաշտական կեցուածքներու ու դիրքորոշումներու՝
– Պետականավայել
– Պետականակուռ
– Պետականաշէն
– Պետականամէտ
– Պետականազօր
Թափով ու թռչիքով, յղացքով ու հրայրքով, նոր իշխանութեան տալու այնպիսի հզօր մղում մը, որ ժողովուրդին ընծայէր ինքնավստահութեան, յուսալիութեան ու լաւատեսութեան անխառն զգացումներ, հաւատք ու տեսիլք։
Ո՛չ մէկ կասկած, այս բոլորը աւելի քան բնական են հայրենի ժողովուրդին համար, որ անկախութեան «համն ու հոտ»ը հազիւ վայելած, ինքզինք գտաւ հայրենիքը շահագործող, լլկող ու բզկտող վոհմակներու առջեւ, խոր հիասթափութիւն ապրելով։
Այսօր, եթէ հետեւինք եւ հաւատանք իշխանափոխութեան գոյառումին եւ անոր ծրագրեալ զարգացումներուն, կը տեսնենք թէ՝ շատերու մօտ կայ այն զգացումը, որ վերածնեալ անկախութիւնը կրնայ նոր յոյսերով եւ ակնկալութիւններով ոգեւորել հայութիւնը։
Անշուշտ, այս փոփոխութիւններն ու վերափոխելիութիւնները, զգալի իրականութիւն դառնալու հաւանականութիւններու կրնան վերածուիլ, երբ նոր իշխանութիւնները կարենան իրենց գերուժն ու ներուժը զօրաշարժի ենթարկել, բարեկարգումներու ճամբով, Հայաստանը դուրս բերելու արուեստական ու փտածական ոլորապտոյտներէն։
***
Ներհայաստանեան-պետական կառոյցներէն ներս, ինչ որ տեղի կ’ունենայ ու պիտի ունենայ, ատիկա Հայաստանի իշխանութիւններու գործն է, որուն միջամուխ ըլլալու իրաւունք չունի որեւէ սփիւռքահայ կողմ։
Պայմանաւ որ՝ սակայն, բացայայտ կամ մտահոգիչ տնօրինումներ չըլլան, ուր սփիւռքահայութիւնը կրնայ եւ պէտք է իր ձայնը լսելի դարձնել, իր խօսքը բարձրաձայնել, համապատասխան արձագանգներով ու հետեւողութիւններով։
Այդուհանդերձ, այնքան ատեն որ՝ սփիւռքահայութիւնը, որպէս անբաժան մասնիկը հայ ժողովուրդին, իր դերը եւ տեղը ունի, իրեն վերաբերող հարցերուն եւ խնդիրներուն մասին արտայայտուելու, թեր կամ դէմ, դրական կամ ժխտական, գնահատական թէ քննադատական կողմնորոշումներով, կը նշանակէ՝
Հայրենիք-Սփիւռք կամ Սփիւռք-հայրենիք կապերու հոգեհարազատութեամբ եւ անմիջականութեամբ, կայ հրամայականութիւն մը, ա՛յդ սկզբունքով գործելու ու շարժելու, այդ մեկնարկով յարաբերելու ու կամրջուելու։
Ինչո՞ւ այս հանգրուանին այս թղթածրարը կը բանանք կամ կ’անդրադառնանք անոր հրատապութեան, երբ անիկա միշտ ալ օրակարգի վրայ էր կամ ուշադրութեան կեդրոն, բայց, ոչ այն լրջութեամբ, իրատեսութեամբ ու գիտականութեամբ, որ կրնար ծառայել անոր բարւոքութեան, կենսունակութեան ու հզօրութեան։
Իրաւացի հարցադրում, որովհետեւ նոր իշխանութիւնները կը փորձեն (կը կրկնե՛նք՝ կը փորձեն), Հայաստան-Սփիւռք գործօններուն վրայ բարեկարգեալ խորաչափութիւն մը ու համաչափութիւն մը գտնել, որ հեռու ըլլայ.
– Պարագայականութենէ
– Պատահականութենէ
– Անցողիկութենէ
– Հաշուենկատութենէ
– Պատեհապաշտութենէ
Ասկէ առաջ ըսած էինք, նորէն կ’ընդգծենք. Սփիւռք-Հայաստան բեւեռները, առողջացման ու կենդանացման անխախտ ու մնայուն հիմեր ունենալու համար, ո՛չ զգացականութիւնը, ո՛չ բարիկամեցողութիւնը, ո՛չ ալ սիրողականութիւնը կրնան օգտակար ըլլալ անոր ամրապնդման եւ յարատեւման։
Սփիւռք ու սփիւռքահայութիւն հասկացողութիւնները կ’ենթադրեն, անոնց հետ վերաբերուիլ.
– Պատասխանատուութեամբ
– Լրջախոհութեամբ
– Թափանցիկութեամբ
– Աշխարհաքաղաքականութեամբ
– Ազգագիտակցութեամբ
Մինչեւ հիմա ի՞նչ եղած են եւ ի՞նչպէս իրականացած՝ Հայաստան-Սփիւռք մերձեցումները, եթէ ոչ իրենց ամէնէն մակերեսային, անցումային, ժամանցային եւ ընկերային երեսներով, որոնք թերեւս կրնային ըլլալ նպաստաբեր, օգտաբեր կամ նուիրաբեր, բայց, հոն ո՞ւր կարելի էր գտնել այն յենակէտերը ու հիմնասիւները, որոնք անոնց տային, պետութենէ՝ Սփիւռք կազմաւորուած, հիմնաւորուած ու նախագծեալ երթուղի մը, ընդհուպ, յստակ ըլլալով պետութեան գերակայութիւնը ու սփիւռքեան դրուածքը, իւրաքանչիւրը՝ իր ինքնաշնորհալիութեան կարգավիճակով։
Հասկնալի կամ անհասկնալի (՞), այլեւս ընդունելի՞ են այն հորիզոնականները, որոնք կը բնորոշեն Հայաստանի գերակայութիւնը ե՛ւ Սփիւռքի իւրայատկութիւնը, իրարու հետ գործակցելու պետականօրէն եւ համասփիւռքօրէն, յօգուտ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆԻՆ ու ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻՆ։
Չենք ուզեր պարզամիտ կամ միամիտ ըլլալ, որ «բան մը» կրնայ փոխուիլ, հոն թէ հոս, բայց, կ’ուզենք յուսալ ու հաւատալ, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները, ընդ հովանեաւ՝ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր վարչակազմին, կը փորձեն նոր լոյս մը բանալ Հայաստան-Սփիւռք պատուհանէն ներս, հասնելու համար «մե՜նծ»… դարպասէն մուտք գործելու կարելիութեան։
Ոչ ոք կ’ուզէ թերագնահատել սերժսարգսեանական Սփիւռքի նախարարութեան խաղացած դերը, որ, սակայն, չկրցաւ այդ անուանումին պատշաճող մակարդակի վրայ գտնուիլ, մէկ կողմէն՝ սիփւռքահայ կարգ մը շրջանակներու թուլամորթական ու խնկարկուական նկրտումներուն, միւս կողմէն՝ նախարարութեան հաշուենկատական ու համակերպողական պատճառներով։
Այսօր, իշխանափոխութեան նոր հեռանկար մը կայ հայ ժողովուրդին դիմաց, Հայաստան-Սփիւռք զուգապատկերը ինքզինք արժեւորելու եւ արդարացնելու առաջադրանքի մը առջեւ կը գտնուի, բոլորովին նոր հայեցակէտով ու հայեցակարգով։
Ի տես այս անկիւնադարձային հանգրուանին, երբ Սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարուած կամ ջնջուած է, վստահաբար, անոր նոր տարբերակ մը ստեղծուի, որուն լաւագոյն տեղը կրնայ ըլլալ արտաքին գործոց նախարարութեան կից կամ անոր հովանիին տակ գտնուող գերատեսչութիւն մը, նախկին Սփիւռքի կոմիտէի նմանողութեամբ, բայց, անբռնազբօսիկ իրաւասութիւններով ու լիազօրութիւններով օժտուած։
Հոս կը ծագին գլխաւոր հարցումները.
– Ի՞նչ կառոյց պիտի ունենայ
– Ի՞նչ ծրագիրներով պիտի գործէ
– Ի՞նչ հեղինակութիւն պիտի վայելէ
Ասոնց հետ անմիջականօրէն կ’առընչուին նաեւ հետեւեալ հարցումները.
– Ո՞վքեր պիտի զբաղցնեն ղեկավարութիւնը
– Ի՞նչ յատկանիշներով համալրուած պիտի ըլլան
– Ի՞նչ գիտելիքներու տէր պիտի ըլլան
Յստակ թող ըլլայ, եթէ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պիտի դրսեւորուին եւ արդիւնաւորուին, անհրաժեշտաբար, պատկան ղեկավարները կամ պատասխանատուները պէտք է ըլլան՝ ՍՓԻՒՌՔԱԳԷՏՆԵՐ, ծանօթ՝ սփիւռքահայ գաղութներուն, մտածողութեան, հոգեբանութեան, աւանդութեանց, կենցաղին, նոյնիսկ… լեզուին, այո՛, խօսակցական ու գրաւոր արեւմտահայերէնին։
Այս առիթով, երկու կարեւոր դիտարկումներ.
ա. Ոչ միայն յանձնարարելի, այլեւ պարտադիր պէտք է ըլլայ Սփիւռքի պատկան ղեկավարութեան մէջ ընդգրկել կարգ մը իրազեկ, փորձառու, լուսամիտ ու բանիմաց սփիւռքահայ հեղինակութիւններ (թէկուզ խորհրդատուի կարգով), որոնք մեծապէս կրնան օգտակար հանդիսանալ փոխադարձ աշխատանքներու հեզասահութեան, բայց, զգո՛յշ, հեռու մնալ պատահական, անարժանական ու խնամիական թեկնածուներէն։
բ. Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու առանցքը պէտք է կազմեն գերազանցապէս տեղւոյն հայկական դեսպանատուները կամ հիւպատոսարանները, ոչ միայն աւելի շօշափելի ու գործնական արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար, այլեւ՝ ապահովելով հայրենի պետութեան հովանիին գերակայութիւնը, աւելի հիմնաւորելով եւ արժեւորելով յարաբերութեանց գործընթացը եւ անկէ բխող գործարքներու արդարաբաշխութիւնն ու լիարժէքութիւնը։
Այն ասոյթը, որ Հայաստանը պէտք ունի Սփիւռքին, Սփիւռքն ալ Հայաստանին կամ Հայաստանը զօրաւոր է Սփիւռքով, Սփիւռքն ալ Հայաստանով, կրնայ իմաստաւորուիլ եւ իրականացուիլ միայն իրարհասկացողութեան, հանդուրժողականութեան ու համագործակցութեան ճիշդ հիմունքներով ու սկզբունքներով։
Մինչ այդ, Հայաստանի իշխանութիւններու հզօրացումով, սփիւռքահայութիւնը եւս կրնայ օգտուիլ անոր վերելքէն, պայմանաւ որ իր վերակազմակերպումը դառնայ առաջնահերթ ու հրամայական հաւատամք։
(Պէյրութ)